image

Այնճարի մէջ ստեղծուած խնդիրը լուծուած. Հայաւանը խաղաղ եւ ապահով

Այնճարի մէջ ստեղծուած խնդիրը  լուծուած. Հայաւանը խաղաղ  եւ ապահով

Անցնող  48 ժամերուն   համացանցի   ընկերային   էջերու հայութեան, եւ ի մասնաւորի Այնճարի մեր հայրենակիցներու հասցէին ուղղուած վիրաւորանքները, հայհոյալից խօսքերը եւ մեղադրանքները վերջ պիտի գտնեն։

Այս մասին     «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Այնճարի իր հաւաստի աղբիւրէն։

Խնդիրն այն է, որ Այնճարի մէջ եղած անհեթեթ միջադէպը որոշ կողմերէ շահարկելու փորձ կատարուած է   եւ այդ   ողորմելի փորձերը ամէն   կերպ ձախողութեան մատնուած են։ Ինչպէս միշտ այս օրերուն ալ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութիւնը եւ ողջ հայաւանի ժողովուրդին  շնորհիւ  գործող պատասխանատուները կարողացան հարցը լուծել իր սաղմին մէջ։

Այնճարը ապահով է եւ  անոր երթը անխափան։

Աստուած պահապան մեր ժողովուրդին, ուր ալ ըլլայ ան։