image

Մուսուլէն Լոս Անճելըս ... Ապրելով Հայաստանի սէրն ու կարօտը. Մարալ Տապպաղեանի կեանքն ու ապրումները

Մուսուլէն  Լոս Անճելըս ... Ապրելով Հայաստանի  սէրն ու կարօտը. Մարալ Տապպաղեանի  կեանքն ու ապրումները

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ դոկտ. Մարալ Տապպաղեան.


-Դուք պր. Խոսրով Տապպաղեանի դուստրն էք, ի՞նչ կը պատմէք ձեր հօր մասին. ի՞նչ յիշատակներ ունիք իրմէ:


Հայրս ծնած էր Տիգրանակերտ, 1909-ին, բայց հանգամանքներու բերումով անձնագրին մէջ 1912 արձանագրուած էր: Ցեղասպանութենէն ետք  հասած  են մինչեւ Գամիշլի եւ Մարտինի շրջանները, յետոյ՝ Մուսուլ: Մեծ  հօրս  անունը Միհրան Տապպաղեան էր, ան եղած է  Տիգրանակերտի մաքսատան  գլխաւոր պատասխանատուն, Ապրիլ 1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակ, օր մը գործի գացած է ու այլեւս  չէ  վերադարձած... Ունեցած եմ նաեւ քեռի մը՝ Նարդեղ էֆէնտի, որ փաստաբան էր  Տիգրանակերտի մէջ, ան  եղած է շատ հարուստ, ունեցած է 104  հողակտոր, բայց այդ բոլորը ձգած ու Մուսուլ գաղթած է: Այս բոլորը մօրմէս լսած եմ, նաեւ հօրաքրոջս աղջիկէն՝ Սիլվա Բորդոյեանէն: Ուրեմն հայրս, իր մայրը, մօրաքոյրը եւ վերջինիս ամուսինն ու քոյրը եկած են Մուսուլ: Հօրս մօրաքոյրը զաւակ չէ ունեցած եւ որդեգրած  է հօրս՝ Մուսուլի մէջ, հետեւաբար հայրս իր մօրաքրոջ եւ ամուսնոյն հետ ապրած է, որոնք հիմնած են Մուսուլի առաջին գինիի գործարանը:

Յետոյ հօրս ուղարկած են Հալէպ, ուր ուսանած է Հալէպի Ամերիկեան քոլէճը, ապա ստացած է երկրաչափութեան մասնագէտի վկայական:  Մուսուլի մէջ ամուսնացած է մօրս՝ Սիրանոյշ Ամիրեանին հետ: Մեծ մայրս՝ Լուսնթագ, ծնած էր Էրզրում, իսկ մօրենական կողմէ  մեծ  հայրս՝ Դանիէլ Ամիրեան, Սղերդ ծնած է:  Մօրական մեծ հայրս երբ Մուսուլ գացած է, շէնք մը վերցուցած  եւ այն երիտասարդները որոնք  ջարդէն ճողոպրելով  այդ քաղաքը  հասած էին, բոլորին  ապաստան տուած է։

Դանիէլը՝ մեծ հայրս, հացատուն բացած է Մուսուլի մէջ, եւ այդ եկամուտով պահած  է հայ որբերը: Հայրս՝ Խոսրով կը դառնայ Մուսուլ քաղաքի երկրաչափը, բայց,  երբ 1947-ին  ներգաղթը սկսաւ, այն ատեն հայրս 35-38 տարեկան էր, ներգաղթի յանձնախումբի անդամ  կը նշանակուի  եւ  շատերուն կ'օգնէ որ ներգաղթեն։ Ան նոյնիսկ  կը ծախէ էր  իր տունը, որպէսզի օգնէ այն երիտասարդներուն, որոնք կ'ուզեն Հայաստան երթալ: Հայրս 40-ական թուականներուն նաեւ Հայաստանի օգնութեան յանձնախումբին անդամ էր: Հօրս  համար   Հայաստանը  «Սրբութիւն սրբոց» էր. կը յիշեմ երբ մանկութեանս օրերուն    ամէնօրեայ դրութեամբ   կը լսէր  Հայաստանի ռատիոն,  այնքան  մը որ մեր ականջներուն   մէջ  լեցուած էր «Երեւանն է խօսում»  «կոչ»ը... Հայրս ոչ միայն սիրահարուած էր Հայաստանին, այլեւ  միշտ կը կրկնէր, որ եթէ այս օտար երկիրներէն օր մը մեզի դուրս հանեն, մենք տեղ ունինք երթալու: Իսկապէս այս օրերուս նոյն բաները ես կը մտածեմ: Այսպէս, հայրս, ցաւօք սրտի, վաճառեց իր տունն ու օգնեց Հայաստան գացողներուն: Իսկ ինչո՞ւ ցաւօք սրտի ըսի, որովետեւ երբ հայրս օգնեց հայերուն ներգաղթելու, մեր հայերէն քանիներ գացին եւ առարկեցին,  ըսելով որ այս մարդը կոմունիստ է, եւ հօրս պաշտօնազուրկ ըրին: Բայց միւս կողմէ ալ լաւ եղաւ, որ հայրս քաղաքի երկրաչափի պաշտօնէն զրկուեցաւ այդ ժամանակ, քանի որ այլ առաջարկութիւններ ստացաւ: Քանի որ ան լաւ անգլերէն կը խօսէր՝ Հալէպի Ամերիկեան Քոլէճը ուսանած ըլլալու շնորհիւ, Գերմանիայէն ու Անգլիայէն շինարարական ընկերութիւններ  իրեն  լաւ գործեր առաջարկեցին, եւ հայրս այդ գործերուն շնորհիւ հարստացաւ: Մայրս երբեմն կը պատմէր, որ շատ յուզուած է, նեղուած, որ հօրս գլխաւոր երկրաչափի պաշտօնէն  զրկած  են, բայց փաստօրէն, այդ ամենալաւ բանն էր, որ պատահած էր իրեն:

1958-ին իսլամական մեծ յեղափոխութիւն մը  եղաւ Մոսուլի մէջ. այդ օրերուն, կը պատկերացնէք, քանի մը հայ անձիք մարդ բերին մեր տուն, որ հօրս վնասեն, եւ մենք 1960-ին փոխադրուեցանք Պաղտատ:  Ան մինչեւ 1966 թուականը Պաղտատի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան շրջանային վարչութեան անդամ էր, իսկ 1970-71-ին՝ Պաղտատի ՀԲԸՄ-ի ատենապետը:  Այդ պաշտօնը  վարած տարիներուն շատ հայեր կու գային օգնութիւն խնդրելու՝ հիւանդի բուժման, ամուսնութեան եւ հազարումէկ հարցերով, ան միութեան գործերուն  չէր   խառնէր այդ խնդրանքները, իր գրպանէն կու տար:  Հաւատացէք, հայրս շատ օգնած է: Երբ տուն կու գար, մայրս միշտ  կատակով կ'ըսէր «Լա՛ւ է, շապիկդ վրադ եկար տուն»:

Ես 1969-ին արդէն դուրս եկած էի Իրաքէն, Անգլիա գացած էի՝ դոկտորական ուսումս շարունակելու՝ immunology-ի  (ախտազերծութեան երեւոյթներու ուսումնասիրութիւն) գծով:  Երբ հայրս մահացաւ 1993-ին, մայրս Պաղտատէն Ամման եկաւ, ես գացի Ամմանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն եւ թուղթերը դասաւորեցի եւ մօրս բերի Լոս Անճելըս:  

Ես ամբողջ կեանքս կ'ապրիմ հօրս մասին յիշողութիւններով, ան մեծ դեր ունեցած է իմ մասնագիտութեան մէջ, քաջալերած է ինծի, որ  Իրաքի մէջ իմ չսիրած գործը՝ դեղագործի գործը ձգեմ եւ երթամ ու աւելի բարձր ուսում ստանամ, որովհետեւ ես այդպէս կ'ուզէի:

Շատեր կը յիշեն Խոսրով Տապաղեանը, անոր ըրած գործերը, անոր յիշատակը միշտ վառ է:


-Ի՞նչ կը պատմէք  ձեր մասին: Ձեր հօր դաստիարակութիւնը ազդա՞ծ է նաեւ ձեր վրայ: Հայաստանի հանդէպ ձեր սէրը ուրկէ՞ կու գայ:  


Բոլոր անոնք, որոնք  զիս մանկութիւնէս  կը ճանչնան, կ'ըսեն որ դուն ճիշդ հայրդ ես, կ'երեւի հայասէր եմ եւ բարեսիրտ, ճիշդ իր նման։ 1969-ին Պաղտատի դեղագործութեան համալսարանը աւարտեցի, յետոյ 6 ամիս աշխատեցայ դեղարանի մը մէջ, չսիրեցի այդ գործը: Օր մըն ալ եկայ եւ հօրս ըսի, որ չեմ սիրեր այս գործը, խանութի մէջ վաճառողի աշխատանք ըլլայ կարծես, եւ երբ ան ինծի հարցուց թէ ի՞նչ կ'ուզեմ ընել, ըսի, որ կ'ուզեմ երթալ Ամերիկա կամ Անգլիա, աւելի բարձր կրթութիւն ստանալու, ետքը վերադառնամ, դասախօս ըլլամ, եւ հայրս համաձայնեցաւ: Նախ Ամերիկա դիմեցի, բայց այդ ժամանակ վեցօրեայ պատերազմը եղաւ, գացի Անգլիա եւ հոն Cancer immunology-ի մէջ դոկտորականս ըրի: Իմ նախկին ամուսինս պարսկահայ էր, հոն ծանօթացանք, յետոյ միասին գացինք Պարսկաստան: Ես PHD-իս առած էի, եւ Թեհրանի համալսարանին մէջ,  որպէս  դասախօս գործեցի։ 1979-1981 Պարսկաստան էի, երբ Շահը տապալեցաւ, եկայ Փարիզ: Բախտաւոր էի, որ հոն Ամերիկայի վիզա տուին ինծի՝ 40 վայրկեանուան մէջ, ուրիշ բախտաւորութիւն մը եւս, երբ հասայ Լոս Անճելըս, մէկ ամիս յետոյ, UCLA էն (Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելոսի Համալսարան) ինծի գործ առաջարկեցին, դասաւանդելու, որպէս փրոֆեսոր, Բժշկական Համալսարանի Immunity բաժնին մէջ: Այս օրերուս հռչակաւոր դարձած Ֆաուչիին հետ աշխատած եմ UCLA-ին մէջ, 1981-ին:

Այնտեղ դասաւանդելէս 1 տարի վերջը, 4 green card տուին՝ ինծի, ամուսնոյս եւ երկու աղջիկներուս, եւ այդպիսով 4 տարի այնտեղ աշխատեցայ, բայց որովհետեւ վճարումը շատ լաւ չէր, եւ ես դեռ երիտասարդ էի՝ 35 տարեկան, ուրիշ լաւ գործ մը գտայ, կրկնակի ամսականով եւ դարձայ «արեան պանք»ի ընկերութեան ուսումնասիրութիւններու բաժնի ղեկավար։ Անկէ ետք ստացայ Քալիֆորնիոյ իմ վկայականս  եւ 26 տարի է, որ կ'աշխատիմ Veterans Affairs, պետական կազմակերպութեան մէջ, որ կը հոգայ  պատերազմի  ընթացքին վիրաւորուած զինուորները, որոնք եղած են Իրաք, Աֆղանիստան կամ Վիեթնամ, ու վերադարձած, ես այդպիսի դարմանատան մը մէջ կ'աշխատիմ, իբր դեղագործ:

 

-Ի՞նչ տուաւ ձեզի Ամերիկան


Այն  օրէն,  որ հասայ Ամերիկա, արդէն ես ինծի իմ տունը զգացի, Անգլիա տասը տարի ապրեցայ, բայց միշտ օտար կը զգայի: Այստեղ լաւ ընկերներ ունիմ, լաւ գաղութ ունինք, շատ բախտաւոր եմ, որ կրցեր եմ բոլորին ալ ամէն ձեւով օգնել: Շատ մը կազմակերպութիւններու մէջ անդամ եմ, Իրաքահայ ընտանեկան միութիւն մը ունինք, որուն ատենապետուհին եմ: Այս միւթիւնը քառասուն տարի առաջ սկսած է իր գործունէութիւնը: Երբ իրաքահայերը, Սատտամ Հիւսէյնի  տապալումէն ետք, ուզեցին Հայաստան փոխադրուիլ, մենք 135 ընտանիքի օգնեցինք, որ Իրաքէն Հայաստան երթան, եւ մէկ տարի ալ իրենց կարիքները հոգացինք, եւ այսօր շատեր ունինք հոն, որ միշտ շնորհակալ են միութեան: Ուրիշ կազմակերպութիւն մըն ալ կայ՝ Armenia school foundation («Հայ դպրոց կազմակերպութիւն»), որուն փոխ ատենապետուհին եմ:  Անդամ եմ նաեւ, «Արարատ» կազմակերպութեան, որ Արցախի մէջ շինարարական ծրագիրներ կ'իրականացնէ։ Ապրիլ 24-ի յանձնախումբը ունինք, հոն  եւս շատ գործունեայ եմ:  Այս բոլորէն  բացի  կը փորձեմ   Հայաստանի  իմ  խորհրդատու Քնարիկ Ղարանֆիլեանին  հետ  գործելով աջակցութիւն ցուցաբերել մեր երկրի  գիւղատնտեսական   ոլորտին։

 

-Դուք կեանք մը ապրած էք  գաղթականութեան դժուարութիւններով՝ Իրաք, Անգլիա, Թեհրան, վերջը Փարիզ եւ ի վերջոյ՝  Լոս Անճելըս: Ձեր կարծիքով,  այսքան փորձառութենէ ետք, սփիւռքը ո՞ւր կ'երթայ, արդեօք ապագայ ունի՞:

 

Ես եւ իմ սիրելի հայրենասէր ընկերներս միշտ կը խորհինք այս մասին: Ես եթէ երկու թոռնիկ չունենայի այստեղ, հաստատ Հայաստան կ'ապրէի կը տեղափոխուէի, նոյն այս խօսքը կը լսեմ նաեւ իմ  մօտիկներէս։

Չնայած որ իմ շուրջիններս բոլորը կը սիրեն Հայաստանը, այնուամենայնիւ Փաշինեանին իշխանութեան գալէն ետք, այստեղ տարբեր ոգեւորութիւն մը ստեղծուեցաւ... Հայաստան տեղափոխուելու փափաքը ցանկութիւն ըլլալու սահմանը անցաւ եւ մարդիկ սկսան գործնական ձեւով մտածել այդ ուղղութեամբ: Ես Փաշինեանին գործունէութեան միշտ հետեւած եմ, արդէն 7-8 տարի է, այն ատեն,  դեռ երբ  ընդդիմադիր գործիչ էր, եւ շատ կը հրապուրուէի երբ Ազգային Ժողովին մէջ կը մատնանշէր եւ կը բարձրաձայնէր առկայ սխալները: Ուստի այսօր ալ, ես անձնապէս շատ հաճոյք եւ ուրախութիւն կը զգամ Փաշինեանի յաջողութեամբ:  Ան բոլորիս՝ ինծի եւ իմ շուրջի ընկերուհիներուս մեծ յոյս մը տուաւ:

 

- Շատեր կը համաձայնին այն մտքին, որ Հայաստանի մէջ վարչապետը շատ կարեւոր է, բայց ամէն ինչ վարչապետէն կախեալ չէ, ժողովուրդն ալ ընելիք ունի: Ի՞նչ կը մտածէք դուք այս մասին:


Այո, շատ ճիշդ էք: Ես շատ հայաստանցի ընկերներ ունիմ թէ՛ հոս եւ թէ՛ Հայաստան, եւ նկատած եմ, որ անոնց մօտ սովորութիւն եղած է միշտ բողոքել, թերեւս Սովետէն մնացած     մօտեցումն մըն է ասիկա։ Նոյնիսկ Ամերիկա ապրող հայաստանցիներ, ամէն ինչ ունենալով հանդերձ, միշտ դժգոհ են եւ իրենց համար կառավարութիւնը միշտ սխալ է... եւ  անընդհատ  բողոքելը  կարծէք մշակոյթ դարձած է։ Այս առումով, շատ դրական կը գնահատեմ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ երիտասարդները իշխանութեան բերելու քայլը, որովհետեւ, ինչպէս շատեր ալ կ'ըսեն, պէտք է սպասենք, որ  սերունդ մըն ալ անցնի, որ Հայաստանը   բարելաւուի  եւ տեղի ժողովուրդի մտայնութիւնը փոխուի: Իսկապէս, որքան լաւ բան ըրաւ Փաշինեան, որ երիտասարդներ նշանակեց, եւ այսօր շատ երկիրներ նման փոփոխութեան կը դիմեն, օրինակ՝ Նորվեկիոյ նոր վարչապետը 34 տարեկան է: Շատ ճիշդ  մօտեցում է, որովհետեւ երիտասարդները  արդիական  են  եւ  կրնան նորութիւն  բերել։

 

-Այսքան դժուարութիւններ տեսնելով, Ամերիկայի մէջ համեմատաբար հանգիստ կեանք կ'ապրիք, ի՞նչն է գաղտնիքը, որ դուք՝ ամերիկահայերդ, այս փոքր երկիրը այսքան կը սիրէք, եւ նոյնիսկ յանուն Հայաստանին կ'ապրիք:


Հարիւր տոկոսով ճիշդ էք: Ես վստահ եմ, որ իմ ընկեր-ընկերուհիներս ալ նոյնը կը զգան: Ես երբ օդանաւէն կ'իջնեմ Երեւանի օդակայանը, այնպէս կը յուզուիմ, աչքերէս այնքան արցունք կը հոսի, կը սպասեմ աչքերս սրբեմ, որպէսզի անձնագրերու պաշտօնեային հետ կարենամ խօսիլ: Կը յուզուիմ, որովհետեւ կը սիրեմ եւ կը սիրեմ, որովհետեւ  ինչ ալ ըլլան  դժուարութիւնները, կամ   տխուր կողմերը մե՛րն է,  մե՛ր երկիրն  է   Հայաստանը։