image

Դարձեալ հալէպահայութեան մասին. Պատմական հետքեր եւ ... նոր գաղթի ալիք. «Ալ Խապար» կայքի անդրադարձը

Դարձեալ հալէպահայութեան մասին. Պատմական հետքեր եւ ... նոր գաղթի ալիք. «Ալ Խապար» կայքի անդրադարձը

Սուրիոյ  խնդիրներուն մասին  գրող «Ալ Խապար» կայքէն կը կարդանք.

 

«Հազարաւոր հայեր ենթարկուելով տեղահանութեան եւ փրկուելով Օսմանեան թուրքերու ձեռամբ իրագործուած Ցեղասպանութենէն, հասնելով Սուրիա, այնտեղ ապրած են հարիւրամեակ մը, սակայն Սուրիոյ ներկայ պատերազմի օրերուն, անոնք կրկին կ'ապրին գաղթականութեան  նոր  վիճակ մը»:

 

Աղբիւրը կը գրէ, որ հալէպահայութեան բնակած գլխաւոր շրջանները՝ ընդհանրապէս Վիլլաներ եւ Նոր Գիւղ, պատերազմի տարիներուն, թիրախ դարձած են յաճախակի ռմբակոծումներու, ինչ որ պատճառ դարձաւ հազարաւոր հայ ընտանիքներու գաղթին:

Հալէպի մօտ Հայաստանի հիւպատոս՝ Արմէն Սարգսեանի տուեալներուն համաձայն՝ հայերուն թիւը նախքան պատերազմը կը կազմէր շուրջ 80000, իսկ այժմ կը գնահատուի 25000 հազարով: Սարգսեան մասնաւորաբար կ՚ըսէ՝ «Հալէպահայութիւնը իր հետ Հայաստան տարաւ արեւելեան ճաշերու համն ու հոտը, եւ այսօր Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկները, կը յաճախեն անոնց պատկանող արեւելեան ճաշարանները»:

Հալէպահայութիւնը հիմնած է մասնաւոր ոլորտի դպրոցներ, ուր կը դասաւանդուի նաեւ հայերէն լեզուն: Անոնք մշակութային միութիւններ ու թատրոններ, որոնք շարունակած են իրենց գործունէութիւնը պատերազմի տարիներուն ալ, եւ ուր կը յաճախեն արաբ հասարակութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Արաբ եւ հայ վաճառականներու համագործակցութեան մասին կը խօսի պատմաբան ու հայ համայնքի հարցերը հետազօտող՝ դոկտ. Հուրի Ազէզեան. «Հալէպ ապրած է իր առեւտրական զարթօնքն ու բարգաւաճութիւնը, երբ Հալէպի վաճառականներու մեծ մասը գործակցած են հայ վաճառականներու հետ»: Ազէզեան կը մասնաւորէ հայ կնոջ դերը, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Հալէպի եւ արուարձաններուն մէջ ստեղծած էր 102 ձեռային գործերու աշխատանոց: Ան կ'ընդգծէ նաեւ թէ լուսանկարչութեան, ատաղձագործութեան ու կահոյքի շինարարութեան, նաեւ ձեռարուեստի արհեստները մուտք գործած են Հալէպ հայերու շնորհիւ:

Հայերը նաեւ մեծ աւանդ ունին արհեստներու ոլորտին մէջ։ Հալէպահայ Սահակ Նալպանտեան այս մասին անդրադառնալով կ'ըսէ. «Մենք ինքնաշարժներ նորոգելու գործը ժառանգած ենք մեր պապերէն, բազմաթիւ հայեր կը զբաղին այս արհեստով»:

Իսկ հայերու գաղթի յստակ հայելին կը դառնայ հայ դպրոցները, ուր արձանագրուած է աշակերտութեան թիւի ակնյայտ նուազում: Կրթասիրաց երկրորդական վարժարանի տնօրէն՝ Անդրանիկ Պօղոս կ'ըսէ. «Նախքան պատերազմ, մեր մօտ կը յաճախէին 711 աշակերտներ, հիմա միայն 450 աշակերտ ունինք»: Ան դժուար կը համարէ հայ ընտանիքներու վերադարձը Հալէպ, մանաւանդ եթէ անոնք գործեր հիմնած են Հայաստան կամ արտասահման եւ իրենց երեխաները արդէն ընտելացած միջավայրին:

Սուրիոյ պատերազմին, հայերն ալ հաւատարիմ հայրենասիրական մօտեցումներուն տուին նահատակներ: Սուրիոյ նախագահի թելադրանքով, պետական դպրոց մը անուանուեցաւ նահատակ  Գրիգոր Աշնաքլեանի անունով, ի յարգանք անոր յիշատակին:

Սուրիոյ մէջ հայերը լիարժէք քաղաքացիներ են, անոնք կը վայելեն քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները: Այս տարուայ փետրուարին, Սուրիոյ խորհրդարանը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

 

 

 «Արեւելք»ի համար թարգմանեց ՝ Թ.Գ.