image

Շփման գիծի ողջ երկայնքով Ատրպէյճանը աշխոյժ հրետակոծութիւն սկսած է, կը հրետակոծուի նաեւ Ստեփանակերտը

Շփման գիծի ողջ երկայնքով Ատրպէյճանը աշխոյժ հրետակոծութիւն սկսած է, կը հրետակոծուի նաեւ Ստեփանակերտը

Այսօր վաղ առաւօտեան, շփման գիծի ողջ երկայնքով թշնամին աշխոյժ հրետակոծութիւն սկսած է․ այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է Արցախի նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը։

«Կը հրետակոծուին նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, այդ շարքին մայրաքաղաք Ստեփնակերտը: Բնակչութեան կոչ կ'ընենք պատսպարուելու: Միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարենք, որ մեր պատասխանը պիտի ըլլայ համաչափ, եւ իրավիճակի ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ անձամբ Իլհամ Ալիեւը»: