image

Արցախի մէջ համատարած զօրահաւաք եւ մարտական դրութիւն յայտարարուեցաւ.Ելոյթ ունեցաւ Արցախի նախագահը

Արցախի մէջ  համատարած զօրահաւաք եւ մարտական դրութիւն յայտարարուեցաւ.Ելոյթ ունեցաւ Արցախի  նախագահը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի խորհրդարանի արտահերթ նիստին հանդէս եկած է յատուկ ուղերձով, որուն ընթացքին յայտարարած է ռազմական դրութիւն եւ համատարած զօրահաւաք տասնութէն բարձր տարիքային խումբի համար: Արայիկ Յարութիւնեանն այս մասին յայտնած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջի միջոցով:

«Ելլելով ստեղծուած իրավիճակէն՝ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ հրաւիրուած է: Հանդէս գալով պատգամաւորներու առջեւ՝ յայտարարած եմ ռազմական դրութիւն եւ համատարած զօրահաւաք տասնութէն բարձր տարիքային խումբի համար:

Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ պատերազմի կողմնակից չենք, բայց պատրաստ ենք պատերազմի:

Մեզմէ աւելի շատ խաղաղութիւն սիրող ու խաղաղութեան կողմնակից չկայ:

Մենք չենք ուզեր պատերազմ, այս պատերազմը մեզի պարտադրուած է, եւ պարտաւոր ենք պաշտպանել մեր հայրենիքն ու ընտանիքները:

Իրավիճակի սրման համար ամբողջ պատասխանատւութիւնը պիտի կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական իշխանութիւնը:

Տարածաշրջանին մէջ յղի մարդասիրական աղէտի համար պատասխան պիտի տայ անձամբ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը»,- գրած է Յարութիւնեանը: