image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Ազերիական դրօշներ Պատրիարքարանին շուրջ (Տեսանիւթ)

Պոլիս. Ազերիական դրօշներ Պատրիարքարանին շուրջ (Տեսանիւթ)

 Կասկածելի  պատգամներ պարունակող քայլով մը ազերիկան դրօշներով պատուած ինքնաշարժներ երթ մը կատարած են Պոլսոյ «Գում գաբու» թաղամասին մէջ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։

 

 Մեր ունեցած տուեալներով երթը տեղի ունեցած է Պատրիարքարանին կեդրոնական կառոյցի հանդիպակած փողոցներուն մէջ, ուր նոյնպէս կը բնակին մեծ թիւով պոլսահայեր եւ մասնաւորապէս ՀՀ քաղաքացիներ։

 

Նշենք նաեւ, որ դէպքէն քանի մը ժամ անց Պոլսոյ հայկական շրջանակներուն մօտ տարածուած է տեսանիւթ մը, որ կը վաւերագրէ տեղի ունեցած երթը։

 

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Տաւուշեան դէպքերուն ժամանակ, կարգ մը խռովութիւններ նոյնպէս գրանցուած էին Պոլսոյ մէջ, եւ բացայայտ էր նաեւ, որ խնդիրներ հրահրող կողմը Պոլիս ապրող  ատրպէյճանցիներն էին։