image
Հրատապ լուրեր:

Թիկունքին աւելի շատ է խուճապը, առաջնագիծին խուճապ չկայ. Վահագն Չախալեան

Թիկունքին աւելի շատ է խուճապը, առաջնագիծին խուճապ չկայ. Վահագն Չախալեան

Հայկական Արժէքներու Պաշտպանութեան «Կամք» հասարակական նախաձեռնութեան կամաւորական խումբը պատերազմի առաջին օրէն միաւորուած է  «Սեւ Հովազներ» ջոկատին եւ մեկնած առաջնագիծ:

«Կամք» հասարակական նախաձեռնութեան հիմնադիր Վահագն Չախալեանն «Արեւելք»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ կամաւորականները այսօր ալ առաջնագիծին են, եղած են թէ՛ հարաւային, թէ՛ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, կը մասնակցին մարտերուն: Ցաւօք, ինչպէս ըսաւ, անհաւասար մարտերէն մէկուն ժամանակ,  անօդաչու  սարքի հարուածէն վիրաւորուած եւ ապա  զոհուած է հրամանատար Ռուստամ Գասպարեանը, զոհուած են նաեւ անոր որդի Ռաֆօ Գասպարեանը եւ ջոկատի անդամ «Դոկտոր»ը՝ Արթուր Աւետիսեանը, սակայն ջոկատի միւս անդամները կը շարունակեն պայքարը՝ թշնամիի դէմ: «Անոնք իսկական նուիրեալներ էին: Մենք ցաւով հրաժեշտ տուինք անոնց: Մեր հրամանատարը՝ Ռուստամ Գասպարեանը, հայրենասէր, իր ողջ կեանքը հայրենիքին նուիրուած մարտիկ էր, որ զոհուեցաւ վասն հայրենեաց»,- ըսաւ ան:

Գնահատելով մարտերը, Վահագն Չախալեանն ըսած է, թէ  թշնամիի առաւելութիւնը այս պահին անօդաչուներն ու օդանաւերն են.  «Երկինքը փակելէ ետք ընդամէնը երկու-երեք օրուայ խնդիր է անոնց յաղթելը, անոնց ջարդը տալը»,-ըսաւ Վահագն Չախալեանը, աւելացնելով, թէ պէտք չէ մոռնալ, որ թշնամիի նպատակը շատ աւելի հեռահար է, այդ պատճառով  իրենց նախաձեռնութիւնը, այլ կառոյցներու շարքին կը շարունակէ կամաւորականներու հաւաքագրումը, նոր ուժեր կ'ուղարկուին Սիւնիք եւ կոչ ըրաւ կամաւորականներուն՝ զինուորագրուելու եւ մեկնելու հայրենիքը պաշտպանելու: 

«Տրամադրութիւնները մարտական են, միանշանակ պիտի յաղթենք, որեւէ մէկը թող չկասկածի մեր յաղթանակին»,-ըսաւ Հայկական Արժէքներու Պաշտպանութեան «Կամք» հասարակական նախաձեռնութեան ղեկավարը, նշելով, որ այսօր պահն է միաւորուելու եւ միասնական պայքարով կերտելու Հայոց ամենամեծ յաղթանակը:

«Կոչ կ'ընեմ համախմբման, քաղաքական տարաձայնութիւնները մէկ կողմ դնելու, հիմա ատոր ժամանակը չէ, հիմա պէտք է ամէն մէկը իր հնարաւորութիւններու չափով, ով ինչով կրնայ, ամէն ինչ ընէ՝ յանուն ռազմաճակատի, յանուն առաջնագիծի: Իսկ մնացած խնդիրներուն մասին կը խօսինք յաղթանակէն ետք»,-ըսաւ Վահագն Չախալեանը:

Ան անհիմն կը նկատէ որոշ խուճապային տրամադրութիւնները, պարտուողական կոչերը եւ այլն:

«Թիկունքին աւելի շատ է խուճապը, առաջնագիծին այդպիսի տրամադրութիւններ չկան, կոչ կ'ընեմ վերջ տալու այդ տրամադրութիւններուն,  խուճապ եւ պարտուողական մթնոլորտ ստեղծողները պահ մը  թող կանգ առնեն, հանգստանան, ատոր ժամանակը չէ, թշնամիի ջրաղացին ջուր լեցնողները յետոյ պատասխան պիտի տալն»,-մեր հետ զրոյցի ժամանակ նշեց  հասարակական նախաձեռնութեան առաջնորդը՝ խորհուրդ տալով բոլոր ուժերը կեդրոնացնել հայրենիքը պաշտպանելու եւ յաղթանակի վրայ:

Անոր հարցուցինք նաեւ առաջնագիծին գտնուողներուն կարիքներուն մասին:

«Միւսներու պահով չեմ կրնար ըսել, բայց մեր ունեցած կարիքը այս պահուն հեռադիտակները, գիշերային տեսադիտակներն ու կապի միջոցներն են: Մեր հայրենակիցները, եթէ ինչ-որ բանով կ'ուզեն օգնել, թող նման միջոցներ հաւաքեն եւ ուղարկեն»,-նշած է մեր զրուցակիցը: