image

Գէորգ Հաճեանը Հայ Դատի իրական զինուոր էր. Լիբանանցի լրագրող

Գէորգ Հաճեանը Հայ Դատի իրական զինուոր էր. Լիբանանցի լրագրող

Իր հայրենիքին մասին երգող լիբանանահայ Գէորգ Հաճեան, զոհուեցաւ Արցախի մէջ: Ան կողք-կողքի պատերազմեցաւ հայկական ուժերուն եւ ի մասնաւորի Դաշնակցութեան վաշտին հետ:

Հաճեան օփերայի երգիչ էր եւ երաժշտութեան դասախօս, ճանչցուած մանաւանդ իր հայրենասիրական ու ազգային երգերով: Ան իր սրտին, մտքին ու գործերուն մէջ կը կրէր Հայ Դատը, մէկ խօսքով Հայ Դատի զինուոր էր։

Ինչպէս բոլոր Լիբանան ծնող հայերը, ան երկու ինքնութեան զգացումով կ՚ապրէր ՝ առաջինը մշակութային, ընկերային ու հոգեկան, իսկ երկրորդը՝ փաստաթուղթերով: Երկուութիւն մը, որ 100 տարիէ ի վեր կարելի չէ եղած յստակացնել: Ան նախընտրեց զոհուիլ իր հայկական ինքնութեան համար: Հաճեան ապրած է նաեւ ուրիշ երկուութիւն մը, «սմոքինկ»ի եւ զինուորական տարազին միջեւ:

Այնճարի մէջ թերեւս քիչեր անձնապէս ճանչնան Գէորգը: Ծնած է 1971-ին, փոքր տարիքէն հեռացած է իր ծննդավայր գիւղէն՝ յաճախելու Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան դպրեվանք, ապա նաեւ Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական դպրոցը: Մասնակցած է երգչախումբերու: Շահած է «Կանաչեան» երաժշտական մրցանակը 1993-ին: Մեկնած է Քուէյթ, ուր տնօրինած է կարգ մը հայկական հաստատութիւններ, դասաւանդելով նաեւ երաժշտութիւն: 2004-ին մեկնած է Երեւան, շարունակելու իր երաժշտական մասնագիտութիւնը եւ աւարտած 2009-ին: Յաճախ ելոյթներ ունեցած է տարբեր երկիրներու մէջ՝ Իտալիա, Լիբանան, Արաբական Էմիրութիւններ, ինչպէս նաեւ Արցախ:

Ակնյայտ է, որ հայերը միշտ գերին կը մնան իրենց մշակոյթին ու միջավայրին, եւ ամէնէն կարեւորը հայկական դատին: Անոնք այնքան կը մխրճուին իրենց հայկական ինքնութեան մէջ, որ եթէ իրենց մաշկը քերես, ապա անոնց եղունգներուն տակ Հայաստան դուրս կու գայ: Իրականութիւն մը, որ երբեմն քննադատութեան կ'ենթարկուի, որովհետեւ անոնց ապրած երկուութենէն հայկականութիւնը կարելի չէ երբեք խլել:

Գէորգ Հաճեան առաջին անգամը չէր որ կը մասնակցէր պատերազմի, ան 2016-ին քառօրեայ պատերազմին ալ մասնակցած էր: Ծանօթ էր Արցախին, ու յաճախ կը գտնուէր Արցախ։

Հաճեան երգած է հայ դատին ու հայ ազատամարտիկներուն մասին, ինչպէս օրինակ՝ Պետոյին (Պետրոս Ղեւոնդեան) 1994-ի պատերազմներու հրամանատարին: Երգած է նաեւ հայ մարտիկներուն մասին, յաճախ յիշատակելով 1983 թուականին Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատան դէմ գրոհած մարտիկները։

Հաճեան նման բոլոր լիբանանահայերուն, որոնք կամաւորաբար կը մասնակցին Արցախեան պատերազմին, պատերազմի ատեն կը փութար հայրենիքի օգնութեան: Ան ազատամարտիկ էր, բառին բուն իմաստով:

 

 

 «Արեւելք»ի համար արաբերէնէ թարգմանեց՝ Թ.Գ.

 Գրեց՝ Նատէր Ֆոզ

 «Almodon.com»