image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ. «Քորոնա»ի հետեւանքով 2 երիտասարդ զոհեր

Պէյրութի մէջ. «Քորոնա»ի հետեւանքով  2 երիտասարդ զոհեր

Պէյրութի մէջ «Քորոնա»ի համավարակի վատթարացած իրավիճակը կը շարունակէ աւերներ գործել նաեւ հայկական շրջանակներուն մէջ։

«Արեւելք»ի տեղեկութիւններով զոհուած են  2 երիտասարդներ, որոնք աշխուժօրէն կը մասնակցէին գաղութային կեանքին։

Զոհուածներն են՝ Տիգրան Գալայճեան եւ Կարօ Սվաքճեան։

Տիգրան Գալայճեան եղած է անդամ ՀԿԲՄ Վարչութեան,   Ազգային Գաւառական ժողովի,  նախկին անդամ ՀՄՄ-ի Սկաուտական Խորհուրդի: Ան որդին է պէյրութահայ անուանի բանաստեղծ, հանգուցեալ Պէպօ Սիմոնեանին, նուիրուած  ամուսին եւ  հայր  էր երկու զաւակներու եւ յարգուած մէկ անդամը լիբանանահայ գաղութին։

Կարօ Սվաքճեան Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան անդամ էր։ Ան սրնգահար էր եւ ուսուցիչ Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցին մէջ։