image

Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի մասին Դաւիթ Շահնազարեանի յայտարարութիւնները՝ աղմուկ բարձրացուցած են Պաքուի մէջ

Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի մասին Դաւիթ Շահնազարեանի յայտարարութիւնները՝  աղմուկ բարձրացուցած են Պաքուի մէջ

«Արեւելք» լրատուական աւելի վաղ անդրադարձած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին տնօրէն, յատուկ յանձնարարութիւններով նախկին դեսպան՝ Դաւիթ Շահնազարեանի «168 ժամ»-ի եթերի ընթացքին ըրած յայտարարութեան: Ան հրապարակած էր Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու իրական թիւը եւ լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի գտնուելու վայրը:

«Այսօր Ադրբեջանում կայ 235 ռազմագերի: Նրանց մէջ կան նաեւ քաղաքացիական անձինք, կան նաեւ կանայք: Աւելին ասեմ, ըստ Ատրպէյճանի՝ կայ 171 ռազմագերի եւ 64 «ահաբեկիչ», ինչպէս իրենք են ասում: Այս թուերը չափազանց կարեւոր են, եւ դրանք թաքցնելու փոխարէն՝ իշխանութիւնները պէտք է բարձրաձայնէին բոլոր միջազգային ատեաններով, Կարմիր խաչով: Կրկնում եմ, յանցագործութիւն է, քանի դեռ մէկ հայազգի կայ Ատրպէյճանի բանտերում, ինչ-որ բանակցութիւնների գնալ»,- ըսած էր Շահնազարեան:

Խօսելով լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի գերեվարութեան մասին՝ ան նշած էր, քանի որ Ատրպէյճան պաշտօնապէս ընդունած է վերջինիս գերի ըլլալու փաստը, ուստի բացառութիւն ըրած է. ուրիշ որեւէ գերիի մասին այս պահուն դեռ ոչինչ հրապարակած է:

«Իրենց ընտանիքի բարեկամ Վիգէն Իւլճեքեանի հետ էին նրանք առեւանգուել 10 նոյեմբերին: Պաքուից մօտ 70 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուում է Գուբիստանի բանտը: Շատ մեծ բանտ է՝ մի քանի մասնաճիւղերով: Մարալ Նաճարեանը գտնուում է Գուբիստանի բանտի 3-րդ մասնաշէնքի, 2-րդ յարկի 213 խցում: Այս թիւերը, որ ասացի, իշխանութիւնները չունեն, թող օգտագործեն»,- ըսած է Դաւիթ Շահնազարեան:

Պարզ է, որ ասիկա լուրջ աղմուկ բարձրացուցած է Ատրպէյճանի մէջ: Ըստ «168 ժամ»-ի աղբիւրին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երկրի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար՝ Ալի Նագիեւէն պահանջած է լուրջ քննութիւն սկսիլ եւ պարզել արտահոսքի աղբիւրն ու զեկուցել իրեն:

«Որքան ուզում է, թող Նագիեւը փնտռի, նա չի կարող գտնել Ատրպէյճանում իմ աղբիւրները»,- ծիծաղելով ըսած է Դաւիթ Շահնազարեան՝ ի պատասխան տեղեկութիւնը մեկնաբանելու խնդրանքին: