image

Ահա թէ որոնք են աշխարհի ամենահարուստ հայերը (Լուսանկարներ)

Ահա թէ որոնք  են աշխարհի ամենահարուստ հայերը (Լուսանկարներ)

 

Ինչպէս գիտենք՝ հայերն ամէնուր են, աշխարհի ամէն անկիւն: Տարբեր երկիրներու մէջ հայերը հասած են մեծ բարձունքներու գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ, այդ շարքին՝ երաժշտութեան, արուեստի, քաղաքականութեան, մարզանքի, գիտութեան եւ ի հարկէ՝ ձեռնարկատիրութեան (պիզնես)։

Երեւի չէք կրնար գտնել երկիր մը, ուր հարուստ հայեր չըլլան։ Բազմաթիւ վիճակագրական տուեալները ցոյց կու տան, որ ամենաշատ մեծահարուստ հայերը կ'ապրին Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ։

Իսկ որո՞նք են այդ յաջողակները։ Ինչպէ՞ս անոնց յաջողեցան այդքան գումար վաստակիլ։

Ձեզի կը ներկայացնենք աշխարհի 6 ամենահարուստ հայերը եւ անոնց՝ յաջողակ դառնալու ողջ ուղին։


Սերկէյ Կալիցքի (Յարութիւնեան)

Կարողութիւնը՝ 6,4 միլիառ տոլար

«Մարդիկ, որոնք չեն հարստանար, ծոյլ են, կամ ալ ուղղակի անոնց առաջնահերթութիւնները այլ են»,-ըսած է ան։

Սերկէյ Կալիցքին յայտնի հայ միլիառատէր է, որ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Ռուսաստանի մէջ։ Ան Քրասնոտար ֆութպոլային ակումբի նախագահն է, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի ամենամեծ հանրախանութներու ցանցի՝ Մակնիթի սեփականատէրն է։ Ողջ Ռուսաստանի մէջ կայ Մակնիթի 5000 խանութ, ուր կ'աշխատին ընդհանուր առմամբ 200․000 մարդիկ։

Սերկէյ Կալիցքին մեծցած է ռուսական միջավայրի մէջ։ Ան չի խօսիր հայերէն, սակայն բազմիցս նշած է, որ հպարտ է իր հայկական արմատներով։

Ան ցոփ ու շուայտ կեանքի սիրահար է՝ ունի սեփական զբօսանաւը, օդանաւը․․․ Բացի այդ, ան շատ կը սիրէ հսկայական գումարներ ծախսել հանգուստի, ճամբորդութիւններու եւ ուղղակի ժամանցի վրայ։

 

Սամուէլ Կարապետեան

Կարողութիւնը՝ 4,3 միլիառ տոլար

Ռուսաստանաբնակ մէկ այլ հայ մեծահարուստ է Սամուէլ Կարապետեանը։ Ան բազմիցս ներառուած է Forbes-ի՝ Ռուսաստանի ամենահարուստ մարդոց ցանկին մէջ։

Սամուէլ Կարապետեանը ապրած եւ սորված է Հայաստանի մէջ եւ միայն յետոյ տեղափոխուած է Ռուսաստան։ Ան ունի անգամ գիտութիւններու դոկտորի աստիճան, ինչպէս նաեւ 30 գիտական աշխատանքներու հեղինակ է։

Այժմ ան Տաշիր Կրուփի սեփականատէրն է, որ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ թէ Հայաստանի, թէ Ռուսաստանի մէջ։ Ի դէպ, ան իր հիմնած կազմակերպութիւնը անուանած է «Տաշիր» ի պատիւ իր ծննդավայրի՝ Լոռիի մարզին մէջ գտնուող Տաշիր գիւղի։

 

Էտուարտօ Էռնեկեան

Կարողութիւնը՝ 1․9 միլիառ տոլար

Ինչպէս արդէն նշած էինք՝ հայերն ամենուր են։ Էտուարտօ Էռնեկեանը կը համարուի Հարաւային Ամերիկայի ամենահարուստ մարդոցմէ մէկը։ Ան ծնած է Արժանթինի մէջ, հայ գաղթականներու ընտանիքի մէջ։

Էտուարտօ Էռնեկեանը Corporation America-ի սեփականատէրն է, որ կը զբաղի ինքնաթիռներու ձեռնարկատիրութեամբ, գիւղատնտեսութեամբ, ջերմուժով, վաճառքով եւ դրամատնային գործերով։ Անոր շնորհիւ Զուարթնոցի միջազգային օդակայանը համապատասխանեցուած է միջազգային չափանիշերուն։ Այժմ ան կը զբաղուի նաեւ գինիի արտադրութեան գործով՝ փորձելով կենդանի պահել հին հայկական աւանդոյթները։

 

Դանիէլ Խաչատուրով

Կարողութիւնը՝ 1․9 միլիառ տոլար

Բացի աշխարհի ամենահարուստ հայերէն մէկը ըլլալէ, Խաչատուրովը նաեւ յայտնի է իր քարիզմայով։ Հայաստանի մէջ ան աւելի քիչ յայտնի է, փոխարէնը անոր Մոսկուայի մէջ շատերը կը ճանչնան։ Ան շատ չի սիրեր իր մասին խօսիլ, բայց մէկ անգամ նշած է, որ իր ամենալաւ կողմերէն են աշխատասիրութիւնը, որու շնորհիւ ալ յաջողութեան հասած է։

Դանիէլ Խաչատուրովը Ռոսկոստրախի՝ Ռուսաստանի մէջ ամենամեծ ապահովագրական ընկերութեան նախագահն է։

 

Սերկէյ Սարկիսով

Կարողութիւնը եղբօր հետ միասին՝ 2,4 միլիառ տոլար

Սերկէյ Սարկիսովը եւս կը բնակի Ռուսաստանի մէջ։ Ան ռուսական RESO-Garantia-ի հիմնադիրն ու սեփականատէրն է։ Անոր եղբայրը՝ Նիկոլայ Սարկիսովը եւս յաջողակ ձեռնարկատէր է։

Անոնք կը համարուին Ռուսաստանի ամենահարուստ ընտանիքներէն մէկը։

 

Ալպերթ Աւտոլեան

Կարողութիւնը՝ 0,8 միլիառ տոլար

 

Ճոխութեան սիրահար Ալպերթ Աւտոլեանը հիմնական մասնագիտացած է հեռուսահաղորդակցութեան ոլորտի մէջ։ Ան WiMAX-ի եւ Expater-ի սեփականատէրն է, ինչպէս նաեւ Yota-ի բաժնետէրը։

Ալպերթ Աւտոլեանը այն հայերէն է, որ կը սիրէ ուշադրութեան կեդրոն ըլլալ։ Ան երբեք չէ թաքցուցած իր սէրը դէպի շքեղ կեանքը։

Ի դէպ, վերջերս ան Մալթայի քաղաքացիութիւն ձեռք բերած է։