image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. «Ներքին անվտանգութեան ուժեր»ու սպաներ թրքերէն պիտի սորվին

Լիբանան. «Ներքին անվտանգութեան ուժեր»ու սպաներ թրքերէն պիտի սորվին

Լիբանանի Ներքին Անվտանգութեան ուժերու սպաներ եւ ոստիկաններ այսուհետեւ պիտի կարողանան թրքերէն լեզուի ուսուցողական դասեր առնել։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Lebanon Debate կայքէն, որ նաեւ զարմանք արտայայտած էր նման կարգադրութեան մը առթիւ։

Աղբիւրը, որ «Օսման իր զինուորներուն թրքերէն կ՚ուսուցանէ» խորագրեալ լուր մը ներկայացուցած էր՝ քննադատական սլաքներ ուղղելով ներքին ուժերու «Տեղեկահաւաք բաժանմունք»ի ղեկավար զօր. Իմատ Օսմանին, որ նման բարդ փուլի մը թրքերէն սորվեցնելու մասին կարգադրութիւն կատարած է։

Անշուշտ տակաւին յստակ չէ, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ լիբանանցի զինուորականներու արձագանգը նման կարգադրութեան մը դիմաց, սակայն հայկական շրջանակներ, որոշ մտահոգութիւններ արտայայտած են լիբանանեան մարմիններուն մօտ, հարցադրումներ ստեղծող եւ բացառապէս թրքական շահերուն ծառայող նման կարգադրութեան դէմ։

Նոյն առումով Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի, եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի օրերս հեռախօսային կապ ունեցած է երկրի ներքին գործոց նախարար Մոհամմէտ Ֆահմիին հետ, վերջինիս փոխանցելով համայնքային շրջանակներու վրդովմունքն ու մտավախութիւնները։

Աւելի քան պարզորոշ է, որ Լիբանանի մէջ թրքական ներկայութիւնը օրըստօրէ պիտի փորձէ աւելիով արմատաւորուիլ, բան մը, որուն առընթեր լիբանանահայ շրջանակներ կարեւոր ընելիք ունին։