image

Թուրքիան եւ Լիբանանի Թրիփոլին. Վարկածներ եւ ... շահեր

Թուրքիան եւ Լիբանանի Թրիփոլին. Վարկածներ եւ ... շահեր

 

Վերջերս Լիբանանի մէջ թրքական ներկայութիւնն ու  գործընթացներուն  վրայ ազդեցութիւն ունենլու  ճիգերը   մեծ  թիւով վերլուծաբաններու  ուշադրութեան առանցք  դարձած է։

«Արեւելք» զանազան յօդուածներով ու վերլուծութիւններով անդրադարձած է այդ մասին:

Այս թեմայով  Լիբանանցի  տնտեսագէտ եւ  վերլուծաբան՝Քամալ Տիպ ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակած է, ուր 10 նկատառումներով կը բացատրէ, թէ ինչու Թուրքիա կը բաղձայ «նոր» դեր մ՚ունենալ նաեւ Լիբանանի մէջ:

 

 

Լիբանանցի յայտնի փորձագէտ եւ վերլուծաբան՝ Քամալ Տիպի կարծիքով Թուրքիոյ ռազմական ու տնտեսական վերելքը դեռ կը շարունակուի յառաջիկայ տարիներուն: Ան այս կարծիքը յայտնած է վերջերս նշելով, որ Թուրքիոյ բնակչութեան թիւը այսօր գերազանցած է 85 միլիոնը եւ կ'ակնկալուի, որ յառաջիկայ 10-15 տարիներուն այն հասնի 100 միլիոնի։ Վերլուծաբանը կը նշէ, որ Թուրքիոյ ցանկութիւնն է դառնալ աշխարհի 10 տնտեսապէս հզօր երկիրներէն մին, նաեւ ունենալ իշխանութիւն արաբական երկիրներուն վրայ սկսեալ Ծոցէն, Արեւելեան միջերկրականէն հասնելով Կիպրոս եւ հիւսիսային Ափրիկէ:

2010-թուականին, երբ Էրտողան այցելած է Լիբանան, եւ ի մասնաւորի Աքքար, թրքական ազդեցութիւնը Լիբանանի մէջ սկսած է աւելիով մագլցիլ։

Ըստ Տիպի, առաջին նկատառութիւնը այն է, որ Էրտողանի «իսլամ եղբայր»ու դրուածքով գործող կառավարութիւնը մեծ աջակցութիւն կը ստանայ Միացեալ Նահանգներէն, ու յատկապէս «Արաբական Գարնան» շարժումներէն ետք, Թուրքիան մեծ իշխանութիւն ունեցած է արաբական զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս Սուրիա, Իրաք, Լիպիա եւ Լիբանան։

Երկրորդը՝ թրքական մշակութային ներխուժումն է արաբական երկիրներ, զանազան պատկերասփիւռի կայաններով, նաեւ արաբերէնի թարգմանուած տեսաշարներով:

Երրորդը՝ Թուրքիոյ փորձն է թրքացնել հիւսիսային Սուրիան, այնտեղ տարածելով իր դրամանիշը, հիմնելով կրթական ու այլ հիմնարկներ, նաեւ քաղաքացիութիւն շնորհելով մեծ թիւով սուրիացիներու: Այսպիսով ան ներկայիս այնքան ալ չի տաբերիր ազգայնամոլ թուրքերէն՝ Ահմատ Ճամալէն, Էնվեր փաշայէն կամ Աթաթուրքէն:

Չորրորդը՝ հեղինակին համաձայն՝ Լիբանանի մէջ, աշխոյժ գործունէութիւն ունի «Թիքա» թրքական ընկերութիւնը, որ Անգարայի ներկայացուցիչն է Թրիփոլիի եւ Սայտայի մէջ:

Հեղինակին կատարած յաջորդ նկատառումը այն է, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը իրազեկ են, որ Միացեալ Նահանգներ, արաբական տարածաշրջանը պիտի բաժնէ երկու զօրաւոր կողմերու միջեւ՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ: Հակառակ որ Ծոցի երկիրները Միացեալ նահանգներու դաշնակիցներն են եւ մեծ դեր կը խաղան Լիբանանի մէջ, բայց Ամերիկան կը նախընտրէ Իրանը կամ Թուրքիան:

 Տիպ նաեւ կը նշէ, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը ի յայտ եկած է  մանաւանդ, երբ թրքամէտ խաւ մը ընդդիմացած է երկրի նախագահ՝ Միշէլ Աունին, անոր 2019-ին կատարած յայտարարութենէն ետք, երբ Աուն ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է  Օսմանեան կայսրութեան հասցէին։

 

Հեղինակը ակնարկած է նաեւ, Թուրքիոյ նկատմամբ լիբանանեան կարգ մը քաղաքական գործիչներու դրական դիրքորոշումները՝ Թուրքիոյ մասին նշելով, որ բացի Աշրաֆ Ռիֆիէն (Լիբանանի նախկին Ներքին Գործոց նախարար), նաեւ քաղաքական գործիչներ եւս, ինչպիսին են վարչապետ՝ Սաատ Հարիրի,  եւ ուրիշներ բարձր մակարդակի կապեր ունին Թուրքիոյ հետ:

 Այս բոլորէն բացի, Տիպ կը յիշեցնէ, որ Իրան նոյնպէս մեծ իշխանութիւն կը վայելէ արաբական տարածաշրջանին մէջ: Ան կանխելով Թուրքիան, տասնեակ տարիներ առաջ՝ Շահի օրերէն ի վեր, բարեկամութիւն հաստատած է արաբական երկիրներուն հետ։

Յօդուածագիրը նշած է, թէ Թուրքիան կռնակ դարձուցած էր արաբներուն, եւ զբաղած էր Արեւմուտքի մերձեցումով, եւ կը բաղձար մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն: Ան 1982-ին էր, որ որոշեց ներխուժել հիւսիսային Իրաք, քրտական վտանգը ետ մղելու պատրուակով: Թուրքիա նաեւ գործնականօրէն սկսած է հետաքրքրուիլ արաբական տարածաշրջանով 2005-ին, իսկ 2009-ին Քաթարի հետ համաձայնած էր Սուրիա ներխուժել հիւսիսէն: Տիպ եզրափակելով իր դիտարկումը նշած է, որ Լիբանանի մէջ, դեռ յայտնի չեն Թուրքիոյ յաջողութիւնները, բայց այդ երկիրը աշխարհագրականօրէն շատ մօտիկ է, եւ  մօտիկ ապագային ալ պիտի շարունակէ ազդել ներ-լիբանանեան զարգացումներուն վրայ։