image

«Այսօր նժարի վրայ է Հայաստանի ապագան». ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան

«Այսօր նժարի վրայ է Հայաստանի   ապագան».  ՀԲԸՄ-ի Նախագահ  Պերճ Սեդրակեան

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 91-րդ համագումարը տեղի ունեցաւ 27 փետրուար 2021 թուականին։ Այս հերթական ընդհանուր ժողովը կազմակերպուեցաւ առցանց՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն հետեւանքով։ Համագումարը թէեւ հերթական էր, սակայն նաեւ արտասովոր՝ հեռավար ձեւաչափին բերումով։ Արդարեւ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ ամբողջովին առցանց։ Սա միութեան աւելի քան մէկ դարու պատմութեան ամբողջին մէջ աննախընթաց երեւոյթ մըն էր։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը համաճարակով պայմանաւորուած այս փուլին որոշեց օգտուիլ փորձագիտութիւններու ընձեռած հնարաւորութիւններէն եւ առցանց դրութեամբ գումարել ընդհանուր ժողովը։ Այսպէսով, թէկուզ հեռավար, հերթական անգամ համախմբուեցաւ ՀՄԲԸ-ի աշխարհատարած մեծ ընտանիքը։ Միութեան կողմէ հովանաւորուած Հայկական համացանցային համալսարանի ընձեռած կարելիութիւնները դիւրացուցին հեռավար համագումարի կազմակերպումը։ Աշխարհի 32 երկիրներէ հարիւրաւոր մասնակիցներ «Zoom»ի միջոցաւ կարողացան միանալ ծաւալուած քննարկումներուն՝ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն համաժամանակեայ թարգմանութիւնով։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ՀԲԸՄ-ի 91-րդ համագումարին առթիւ յղեց օրհնութեան խօսք մը։ Յաջող եւ արդիւնաւոր աշխատանքի մաղթանքներուն առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց ՀԲԸՄ-ի կարեւոր դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։

91-րդ Ընդհանուր ժողովը վարեց ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Սարգիս Ճէպէճեան։ Բացումին ան ընդգծեց, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր ՀԲԸՄ յաջողած է առցանց դրութեամբ յառաջ տանիլ իր գործունէութիւնը, կարողացած է ճկունութեամբ եւ հնարամտութեամբ կազմակերպել աշխատանքները։ Ըստ իրեն, զուգահեռաբար յայտնի դարձաւ, որ առցանց հնարաւորութիւններու շնորհիւ ո՛չ միայն կարելի է առաքելութիւնը շարունակել, այլ նաեւ հնարաւոր է աւելի քան երբեք բարձրացնել հայկական աշխարհասփիւռ հայերու հետ հաղորդակցութիւնը եւ վերահասու դառնալ աւելի մեծ զանգուածներու, որոնց ծառայութիւն կը մատուցէ ՀԲԸՄ։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանն ալ համագումարի ընթացքին հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը, որու ընթացքին կարեւոր խորհրդածութիւններ ըրաւ հայ իրականութեան ներկայ կացութեան շուրջ, ծառայասիրութեան ոգիի պրիսմակէն։ Այս ամբողջին մէջ ան շեշտը դրաւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք համայն հայութեան ապագան կը պայմանաւորեն։

ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի Կեդրոնական գրասենեակը 1 մարտ 2021 թուականին պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է 91-րդ ընդհանուր գումարին առընչութեամբ։ Ըստ այդ հաղորդագրութեան բովանդակած մանրամասնութիւններուն, ինչպէս միշտ, պաշտօնական օրակարգը կ՚ընդգրկէր 2018-2019 տարեշրջանի ընդհանուր նիւթական տեղեկագրութիւնը, զոր ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Նազարէթ Ֆըսթըքճեան եւ նոյն տարեշրջանի բարոյական տեղեկագիրը՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ փոխ-ատենադպիր Արտա Յարութիւնեան։ Կրթութեան ասպարէզին մէջ ՀԲԸՄ-ի կատարած աշխատանքը, մանաւանդ Հայկական համացանցային համալսարանի հսկայական ներդրումը հայ կրթութեան մէջ, հիմնադրումէն ի վեր անցնող տասը տարիներու ընթացքին, ներկայացուց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լենա Սարգիսեան։

Կարճ հարց ու պատասխանին յաջորդեց քննարկում զանազան հարցերու շուրջ, զորս նախքան համագումարը ներկայացուած էին անդամներու կողմէ։ ՀԲԸՄ աշխարհի մեծագոյն հայկական բարենպատակ կազմակերպութիւնն է, որ շահ չի հետապնդեր։ Անոր գործունէութիւնը ուղղուած է  հայկական ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին ու մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագրերու միջոցաւ: ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը ամէն տարի կը նպաստէ աւելի քան կէս միլիոն հայու կեանքին՝ Հայաստանէ եւ Արցախէ ներս, նաեւ սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր Միութիւնը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղեալ իր գլխաւոր առաքելութեան: ՀԲԸՄ ունի նաեւ www.agbu.org կայքէջը:

«ԱՅՍՕՐ ՆԺԱՐԻ ՎՐԱՅ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՊԱԳԱՆ։ ԱՅՍ Է ԱՅՆ ՊԱՀԸ, ՈՐ ՊԻՏԻ ՍԱՀՄԱՆԷ ՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ, ԹԷ Ո՛Վ ԵՆՔ ՄԵՆՔ։  ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԴԻՄԱՑԿՈՒՆ Է, ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ԳՈՅԱՏԵՒԵՆՔ»

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան  ծաւալուն զեկուցումով մը հանդէս եկած է 91-րդ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ելոյթին բնագիրը։

*

Արտակարգ պայմաներու տակ է, որ հաւաքուած ենք այսօր: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, անդամակցութեան, մասնաճիւղերուն եւ Կեդրոնական վարչութեան հանդիպումը կազմակերպած ենք առցանց:

Բարեբախտութիւն է, որ փորձագիտութեան ընձեռած կարելիութիւններով, կը յաջողինք հաղոդակցիլ իրարու հետ, ներկայ ժամանակներուն:

Բոլորս անցած ենք փորձառութեան ընդմէջէն ժահրային համավարակին, որ չէ խնայած որեւէ երկիր կամ համայնք, խլելով բազմաթիւ կեանքեր:

Այս միջոցին սակայն, մեր կարելին ի գործ կը դնենք, գնահատելու համար կեանքի բարիքները, մաղթելով, որ մեր կեանքերը մօտիկ ապագային վերագտնեն իրենց բնականոն հունը:

ՀԲԸՄ-ի համար կենսունակութիւնը կանգ չէ առած բնաւ: Մենք կը շարունակենք հասնիլ մարդոց, ծրագիրներ մշակել՝ գոհացում տալու համար երիտասարդութեան հետաքրքրութիւններուն, հակազդել նաեւ համաշխարհային իրադարձութիւններուն, մանաւանդ անոնց, որոնք անմիջականօրէն կը վերաբերին մեր ժողովուրդին:

Կեդրոնական վարչութեան անդամները ձեզի պիտի ներկայացնեն եւ բացատրեն հաշուական մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ 2018 եւ 2019 թուականներու գործունէութիւններու երկամեայ համապատկերը: Որպէս ընդգծում, ես կրնամ հաստատել, թէ նշանակելի իրագործումներու տարիներ էին անոնք, որոնք կարելի դարձան ձեզմէ իւրաքանչիւրին մասնակցութեան շնորհիւ: Միջազգային գետնի վրայ մեր ազգը ուշագրաւ զարգացում արձանագրեց: Կը թուէր, թէ աշխարհը մեր կողքին է եւ մենք սկսած ենք իրականացնել ազգերու համայնքին մէջ մեր արժանի յառաջխաղացը:

Դժբախտաբար, այդ տարիներու փայլուն ձեռքբերումներէն ետք, 2020-ը տառապալի եղաւ մեր բոլորին համար: Մինչ համավարակը չկրցաւ կոտրել մեր ոգին կամ կասեցնել մարդասիրական ծառայութիւններու մեր յարաճուն թափը, կարծէք տարեսկիզբի պատահարները, նախադէպերն էին գալիք ծանրագոյն մարտահրաւէրներուն: Օգոստոսին, Լիբանանի մեր համայնքը կ՚ենթարկուէր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած աննախադէպ պայթումի ծանր հետեւանքներուն: Աղէտը կը հարուածէր քաղաքի հայահոծ շրջանները, ուր մեր համայնքի կարեւոր մէկ մասը հաստատուած էր:

Բայց եւ այնպէս, մեր շրջանակը պատուով դիմագրաւեց այդ բոլորը, Լիբանանի քաղաքացիական կեանքին մէջ իր ներգրաւուածութիւնը լաւագոյնս դրսեւորելով: Ժամերու ընթացքին, մեր Լիբանանի Շրջանային յանձնաժողովը կամաւորներու շտապ օգնութեան համակարգ մը հաստատեց, նուիրեալ պաշտօնէութեան եւ սկաուտական խումբերու աշխոյժ աջակցութեամբ: Անոնք անմիջապէս ձեռնարկեցին բարեսիրական լայնածաւալ աշխատանքներու, վերաշինելով մարդոց տուները (արդէն աւելի քան 400), ուտելիք հասցնելով անոնց սեղաններուն, բառացիօրէն եւ ֆիզիքապէս տրամադրելով իրենց արիւնը, պահելու համար իրենց համաքաղաքացիները: Անոնց աշխատանքը կարելի եղաւ ձեր բոլորին միաւորուած ճիգերով, որով դուք աջակցեցաք արագ եւ լայնատարած դրամահաւաքներով:

Լիբանանի աղէտէն անմիջապէս ետք, հայ ազգը դիմագրաւեց իր ժամանակակից պատմութեան ամենադժնդակ իրադարձութիւններէն մին, որ ծանր ազդեց մեր բոլորին վրայ, ձգելով եկարատեւ հետեւանքներ: Սեպտեմբերի 27-ին, Ատրպէյճանի ուժերու կողմէ սանձազերծուած կործանարար յարձակումը, թրքական բանակի հրամանատարութեան եւ ռազմական վիթխարի միջոցներու աջակցութեամբ, յանգեցաւ Արցախի պատմական հողատարածքներու մեծ մասի կորուստին: Ինչ որ ամենաաղիտալին էր, ունեցանք շուրջ 5 հազար զոհեր եւ աւելի քան 10 հազար վիրաւորներ: Մեր խոստմնալի երիտասարդներն էին անոնք, որոնցմէ իւրաքանչիւրը թանկագին կեանք մը, որ քանդուեցաւ ընդմիշտ:

Ի յարգանս անոնց յիշատակին եւ որպէսզի իմաստաւորուի անոնց զոհաբերութիւնը, անհրաժեշտ է, որ միացնենք մեր ուժերը եւ միաւորենք մեր կարելիութիւնները, դիմագրաւելու համար մեր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները: Այսօր նժարի վրայ է Հայաստանի ապագան: Եթէ մենք համախմբուինք, ներդնենք մեր լաւագոյնը եւ իւրաքանչիւրս իր ուժերը ի գործ դնէ իրերօգնութեան ի խնդիր, այն ատեն, յոյսով եւ հաւատքով, պիտի կերտենք մեր ազգի փայլուն եւ յաջող ապագան:

Այս է այն պահը, որ պիտի սահմանէ եւ վերահաստատէ, թէ ո՛վ ենք մենք: Մեր ժողովուրդը դիմացկուն է: Մենք պիտի գոյատեւենք, որովհետեւ դարեր շարունակ յաջողած ենք վերականգնիլ, կոտորածներու, հալածանքներու եւ ամէն տեսակի ցնցումներու եւ աւերածութիւններու ընդմէջէն:

Իրաքանչիւր մարտահրաւէրէ ետք, մեր ազգը եղած է աւելի եւս կենսունակ եւ հպարտ իր պատմութեամբ: Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքերով՝ «Ոչ մէկ ուժ կրնայ բնաջնջել մեզ»: Մենք կ՚որոշենք մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ հզօրութիւնը:

Աւելի քան մէկ դար, ՀԲԸՄ-ը եղած է համաշխարհային մեր համայնքի անկիւնաքարը, միշտ յանձնառու իր մարդասիրական առաքելութեան մէջ, սակայն ամէն բանէ վեր, հետամուտ մեր ազգի յառաջդիմութեան եւ ամբողջականութեան: Երբ մեր ազգի ճակատագիրը կը վտանգուի, ինչպէս այսօր, մենք կը գործենք որպէս ազգային կազմակերպութիւն, նախանձախնդիր մեր հայրենիքի ապագային եւ ապահովութեան: Հայրենիքը մեր ժողովուրդի գոյատեւման գերագոյն գրաւականն է եւ հիմքը մեր հաւատքին, մշակոյթին եւ ինքնութեան:

Իր պատմութեան ընթացքին շարունակ, ՀԲԸՄ-ը, մեր ժողովուրդի կեանքի առանցքային պահերուն, միշտ եղած է յանդուգն, իր մարդասիրական ծառայութեան դերին առընթեր, գործելով որպէս ազգային կազմակերպութիւն: Միութեան հիմնադիր-նախագահ Պօղոս Նուպար կը գլխաւորէր հայ ազգային յաջորդական պատուիրակութիւնները 20-րդ դարասկիզբին կայացած խաղաղութեան համաժողովներուն, եւրոպական մեծ տէրութիւններու հետ բանակցութիւններ վարելու, Թուրքիոյ հայութեան իրավիճակի բարելաւման եւ հայկական անկախ պետութեան մը ստեղծումին կարելիութեան ուղղութեամբ, ի վերջոյ Սեւրի դաշնագրի ստորագրողներէն մին հանդիսանալով, 10 օգոստոս 1920-ին: Խորհրդային իշխանութեան օրերուն, երկաթեայ վարագոյրի ետին, ան 1924-ին կը նախաձեռնէր Հայաստանի մէջ բժշկական կեդրոնի մը հաստատումին, իսկ 1931-ին՝ Նուպարաշէն աւանի ստեղծումին, որ այսօր աւելի քան 12 հազար բնակիչ ունի: 1930-ի կէսերուն, մեր նախագահը, Գալուստ Կիւլպէնկեան, յաջողեցաւ յարաբերութիւններ պահպանել խորհրդային իշխանութեանց հետ, Հայաստանի մէջ պահելով ՀԲԸՄ-ի գրասենեակը, օժանդակելով հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ ապահովելով Սուրբ Էջմիածնի իրաւասութիւնները:

Մեր նախագահ Արշակ Գարակէօզեանի ղեկավարութեամբ, ՀԲԸՄ-ը ստանձնեց արեւմտեան սփիւռքէն Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձութեան կազմակերպումը եւ ֆինանսաւորումը, 1946-1947 տարիներու Պաղ պատերազմի ամենածանր տարիներուն, ապահովելով անհրաժեշտ ժողովրդաքանակը, որպէսզի Հայաստանը կարենար ճանչցուիլ Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններու շարքին: Այդ հանրապետութիւնն էր, որ յետագային դարձաւ այժմու Անկախ Հայաստանը: Այս պատմական անկիւնադարձերէն իւրաքանչիւրը մեր նախորդներու պարագային տեսիլք ունեցող առաջնորդներ կը պահանջէր: Անոնց յանդուգն նախաձեռնութիւններուն պատճառով է, որ ՀԲԸՄ-ը առանձնայատուկ դերակատաութիւն ունեցած է մեր ժողովուրդի գոյատեւման մէջ:

Նոյն համոզումով, հայ եկեղեցական ներքին տագնապի ընթացքին, 1956-ին, նախագահ Ալեք Մանուկեան մնաց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կողքին, համոզուած ըլլալով, որ անիկա կրնար գոյատեւել եւ բարգաւաճիլ միայն հայրենիքի մէջ: Եւ ի վերջոյ, բոլորդ քաջածանօթ էք նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի համարձակ նախաձեռնութիւններուն եւ հայրենիքին ընձեռած աջակցութեան, 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին եւ Արցախի առաջին պատերազմի օրերուն: Ան նաեւ իր պաշտօնի պարտաւորութիւններէն անդին, հիմնադրութեան նախաձեռնութիւնը առաջնորդեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին, ուր որպէս երկրի ամենաառաջատար եւ յարգուած բարձրագոյն կրթական հաստատութիւներէն մին, կազմաւորուեցան ղեկավարներու եւ առաջնորդներու յաջորդական սերունդներ:

Այս բոլորը մեզ կը մղեն գիտակցելու այսօրուան մեր հրատապ կարիքներուն: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ղեկավարութիւնը, ացնող տարուան դէպքերու լոյսին տակ, ի տես մեր ժողովուրդի դիմագրաւած վտանգներուն, կոչ ուղղած էր բոլոր հայութեան՝ միաւորուելու եւ իրենց հմտութիւնը եւ անկոտրում կամքը ի գործ դնելու, ի խնդիր ապագայի կերտումին:

Մենք կոչ ուղղած ենք Հայատանէն եւ սփիւռքէն անկախ եւ կարող փորձագէտներու՝ համախմբուելու եւ ի գործ դնելու իրենց փորձառութիւնը եւ կարողութիւնները, նոր կառավարութեան մը կազմութեան եւ ապագայի քաղաքականութեան ձեւաւորումին ուղղութեամբ: Հայաստանի խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ անցեալ եւ ներկայ ղեկավարները, մէկդի դնելով իրենց հակամարտ շահերը, պէտք է միաւորուին նման կառավարութեան մը շուրջ, վերականգնելու համար ժողովուրդի վստահութիւնը, ապա նաեւ վերաշահելու համար միջազգային վըս-տահութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ պատերազմի պատճառած վնասարար հետեւանքները դարմանել՝ ի շահ մեր երկրին եւ մեր ժողովուդին: Անոնք պէտք է որդեգրեն եւ ի գործ դնեն հաստատուն եւ համակարգուած շարք մը քաղաքական սկզբունքներ, սկսեալ դիւանագիտական հմտութիւններու եւ քաղաքականութեան մշակումով, ապահովելու համար Հայաստանի երկարատեւ գոյապահպանումը եւ ազդու դերակատարութիւնը շրջանի աշխարհաքաղաքական միջավայրին մէջ: Աւելի՛ն, անոնք պէտք է կեդրոնանան գործադրութեան վրայ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հասարակական-տնտեսական զարգացման ուղղուած իրատես նպատակներու, որոնք կրնան պահպանել երկրի համակարգը եւ ժողովուրդը:

Բոլորս միասնաբար պէտք է կազմենք բարոյական եւ գործնական ղեկավարութիւն մը, որ կրնայ միաւորել երկիրը եւ մեզ վերադարձնել բարգաւաճութեան: Կարիքը ունինք նոր եւ հասուն սերունդի մը անդամներուն, որոնք կրթեալ են եւ խորապէս մասնագիտացած իրենց ասպարէզներուն մէջ, պատրաստ ծառայելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու, դէպի ապագայ առաջնորդելու համար ազգը: Իբր ՀԲԸՄ, մենք մեր կարելին պէտք է ընենք, իրարու մօտ բերելու համար այս մասնագէտները, մղելու զիրենք գործելու միասին, ոչ զուգահեռ կամ մրցակցաբար:

Մենք հաւատարիմ կը մնանք Հայաստանեայց Եկեղեցիին, որ ներկայիս, ինչպէս եւ անցեալ դարերուն, ծառայած է որպէս մեր հաւատքի, մշակոյթի եւ գոյապահպանման ամուր միջնաբերդը: Կոչ կ՚ուղղենք հայութեան՝ զօրավիգ կանգնելու մեր ազգային եկեղեցիին, որպէս կառոյց մը, որ կը պահէ մեր հոգեւոր տոհմիկ ժառանգութիւնը եւ լոյսի տակ կը բերէ մեր ինքնութիւնը միջազգային համայնքէն ներս: Թէեւ ներկայիս իշխանութիւններու կողմէ հարցականի տակ դրուած է այդ, անհրաժեշտ է Հայաստանի հանրային կրթութեան ծրագրին մէջ պահել Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը, որ փաստօրէն մեր ազգի վերջին երկու հազար տարուան պատմութիւնն է:

Մենք լաւատես ենք մեր ապագային նկատմամբ: Մենք վստահ ենք, որ ՀԲԸՄ-ը կարեւոր դեր կրնայ կատարել զօրացնելու համար մեր ազգի կորիզը, որ համաշխարհային է իր հայրենիքով եւ սփիւռքով: Մեզմէ իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է ասոր համար, որովհետեւ միասնաբար միայն կրնանք իրականացնել այն ազգային կայունութիւնը, որուն խորապէս կը ձգտինք:

Ընդհանուր ժողովի այս առիթով, կոչ կ՚ուղղենք մեր բոլոր մասնաճիւղերուն եւ անդամակցութեան՝ աւելի սերտօրէն գործակցելու Կեդրոնական վարչութեան եւ շրջանային զանազան յանձնախումբերուն հետ, բերելով իրենց գաղափարները եւ լաւագոյն ներդրումը նորարար ծրագիրներու նոր ալիք մը ստեղծելու համար: Մի սպասէք որ նախաձեռնութիւնները գան վերէն: Միասնաբար պեղեցէք նոր կարելիութիւններ: Մենք կրնանք տարակարծիք ըլլալ որոշումերու եւ արդիւնքներու շուրջ, սակայն մենք մեր բոլոր որոշումները կը կայացնենք բարեկամեցողութեամբ: Անհրաժեշտ է հանդուրժողութեամբ, համակրանքով եւ գնահատանքով վերաբերիլ մեր շրջաններու ղեկավարներուն եւ անդամներուն նկատմամբ, միշտ յիշելով, որ մեր ուժը մեր միասնականութեան մէջ է:

Մենք հպարտ ենք որ ՀԲԸՄ-ը հաւատարիմ մնացած է իր ծառայութեան պատմական առաքելութեան, արժանանալով աշխարհի տարածքին բոլոր շրջանակներու բարձր վստահութեան: Այդ վստահութիւնը արդիւնք է աւելի քան մէկ դարու ծրագիրներու եւ աջակցութեանց, որոնք քայլ պահած են մեր ժողովուրդի կարիքներուն հետ: Այսօր մեզմէ կ՚ակնկալուի նոյնը: Մենք պատրաստ ենք ընդառաջելու մարտահրաւէրին, նորարարելու եւ ստեղծելու ապագան, որով կրնանք հպարտ զգալ բոլորս:

Մենք կրնանք ձեռք ձեռքի գործել, ամոքելու համար մեր ազգը:

Կրկին անգամ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր մեծ կազմակերպութեան նկատմամբ ցուցաբերած ձեր նուիրումին եւ աջակցութեան համար: Ձեր միջոցաւ է, որ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը կը շարունակէ պահել իր բարձր վարկը եւ վստահութիւնը:

Կը բաժնուինք, շուտով անձամբ ձեզի հետ հանդիպելու յոյսով:

ՀԲԸՄ-Ի 91-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԲԸՄ-ի 91-րդ Ընդհանուր ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք 27 փետրուար 2021 թուակիր յայտարարութիւնը։

*

Մենք՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) շաբաթ, 27 փետրուար 2021-ին, կայացած 91-րդ Ընդհանուր ժողովին ներկայ անդամներս, քննելէ ետք Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ներկայացուած հաշուական եւ գործունէութիւններու 2018-2019-ի տեղեկագիրները, կը հաստատենք հետեւեալները.

Մենք գոհունակութեամբ ճանաչման կ՚արժանացնենք Միութեան յաջող ձեռքբերումները երկու տարիներու ընթացքին եւ կը բաժնենք անոր լուրջ մտահուգութիւնները, 2020-ի ողբերգական դէպքերու ձգած աւերիչ հետեւանքներուն կապակցութեամբ, աշխարհի եւ յատկապէս հսկայական մարտահրաւէրներ դիմագրաւող մեր ազգին համար:

Ժողովը կը հաստատէ Միութեան վճռակամութիւնը գործնապէս մասնակցելու, յառաջ մղելու եւ դիւրացնելու համընդհանուր նախաձեռնութիւնները, որոնք միտուած են հայ ազգի զարգացման եւ բարգաւաճումին, հաւատարիմ կենսունակ հայրենիք եւ ներգրաւուած սփիւռք իր անխախտ տեսլականին: Առաւե՛լ, Ընդհանուր ժողովը կը հաստատէ իր վճռակամութիւնը շարունակելու իր բարեսիրական առաքելութիւնը, ապահովելու ազգի զարգացումը եւ ամբողջականութիւնը, համոզուած ըլլալով, որ իբր ժողովուրդ ունինք անհրաժեշտ հմտութիւնը, տաղանդը, հաստատակամութիւնը եւ միջոցները, դիմակայելու այդ մարտահրաւէրները, բարելաւելու մեր վիճակը եւ ամրացնելու մեր դիրքերը:

Ժողովը կը խոնարհի յիշատակին առջեւ այն հազարաւոր հերոսներու, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին եւ անոնց, որոնք վիրաւորուեցան պաշտպանելով մեր հայրենիքը եւ Արցախը, Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս կատարուած յարձակման դէմ: Իր ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ այն բոլոր ընտանիքներուն, որոնք սիրելիներ կորսնցուցած են պատերազմին, արագ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն: Ի յարգանս անոնց յիշատակին եւ որպէսզի իմաստաւորուի անոնց զոհաբերութիւնը, յանձն կ՚առնէ միաւորելու մեր ուժերը եւ մեր կարելիութիւնները, դիմագրաւելու համար մեր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները:

Ժողովը խոր գնահատանքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշատակէ ՀԲԸՄ-ի հիմնադիրները՝ առաջնորդութեամբ նախագահ Պօղոս Նուպարի, իրենց պայծառ տեսիլքին եւ յանդուգն նախաձեռնութեան համար, նաեւ բոլոր անցեալ եւ ներկայ նախագահները, շրջանակներու եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց ատենապետները եւ հաւատաւոր անդամները, որոնք սատարած են Միութեան այսօրուան հզօր դիրքի ապահովումին եւ անոր վայելած բացառիկ վստահութեան՝ հայութեան թէ այլ լայն շրջանակներու մօտ:

Ժողովը կը հաստատէ Հայ Եկեղեցւոյ հետ Միութեան անխախտ զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Միութիւնը յանձնառու կը մնայ աջակցելու ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները մատակարարելու անոր ջանքերուն եւ մանաւանդ մեր ազգային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ մշակելու պատմական դերին: Նոյն ոգիով, Ընդհանուր ժողովը կ՚ողջունէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքութիւնը, նաեւ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեանց նուիրապետական աթոռները եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդութիւնը:

Ժողովը կը գիտակցի, որ մեր ժողովուրդի ճակատագիրն է, որ նժարի վրայ է այսօր: Ապահովելու համար մեր հայրենիքի անվտանգութիւնը եւ ապագան, որպէս մեր հաւատքի, մշակոյթի եւ ինքնութեան յաւերժութեան գերագոյն գրաւականը, կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանի մեր ժողովուրդին, կառավարութեան, զինեալ ուժերուն եւ քաղաքական խմբակցութիւննրուն՝ հեռու մնալու որեւէ քայլէ, որ ներքին պառակտում կը յառաջացնէ վտանգելով մեր հայրենիքի փխրուն կայունութիւնը, մէկ կողմ դնելու իրենց հակամարտ շահերը եւ ձեռնարկելու կառուցողական երկխօսութեան, դիմակայելու համար այն բազմաթիւ մարտահրաւէրները, զորս մեր ազգը կը դիմագրաւէ պատերազմի հետեւանքներուն պատճառով:

Ընդհանուր ժողովը գնահատանքով կը նշէ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի առաջնորդութիւնը Կեդրոնական վարչութեան անդամներու կողքին, իրենց շարունակական յանձնառութեան եւ տեսիլքին համար, առաջնորդելու Միութիւնը իր առաքելութեան եւ նպատակներու հետապնդումին, բոլոր տեսակի կացութիւններու մէջ, ի շահ հայ ժողովուրդին:

Ժողովը կը շնորհաւորէ այն շրջանակները եւ մասնաճիւղերը, որոնք գործակցեցան Կեդրոնական վարչութեան ղեկավարութեամբ կազմակերպուած բազմաթիւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններու, օգնելու համար մեր աշխարհատարած համայնքերուն եւ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին, որոնք դժուարութեան մատնուած էին: Կը հաստատէ, որ անոնց գործունէութիւնները կը համապատասխանեն Միութեան տեսլականին եւ մտասեւեռումին, կը նպաստեն հայ ժողովուրդի համաշխարհային դիրքին եւ զուգահեռ են մեր պարտաւորութիւններուն՝ հանդէպ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, մեր ժառանգութեան եւ արժէքներուն, ինչպէս նաեւ որպէս աշխարհաքաղաքացիներ, մարդկայնական դատերու մեր զօրակցութեան:

Ժողովը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, բարեկամներուն եւ ՀԲԸՄ-ի համակիրներուն: Միութիւնը պիտի չկարենար իրականացնել իր առաքելութեան առընչուող ծրագիրները, առանց Միութեան հանդէպ անոնց վստահութեան, համարումին եւ առատաձեռնութեան:

Ժողովը կը շնորհաւորէ Կեդրոնական վարչութեան վերընտրուած անդամները եւ իր գնահատանքը կը յայտնէ իր նուիրեալ անդամներուն, կամաւորներուն եւ աշխարհատարած պաշտօնէութեան: Մեր համընդհանուր ձեռքբերումները կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց անոնց աջակցութեան, նուիրուածութեան եւ քաջալերանքին:

Ի վերջոյ, մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ընդհանուր ժողովի բոլոր կազմակերպիչներուն, արհեստավարժներուն, որոնք միաժամանակ թարգմանութիւններ կատարեցին հայերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն ու յատկապէս ՀԲԸՄ-ի տնօրէններու խումբերուն, մեր սիրելի Գործադիր տնօրէն Անիթա Անսըրեանի ղեկավարութեամբ եւ Հայկական համացանցային համալսարանին՝ ղեկավարութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Երուանդ Զօրեանին, որուն հմտութիւնը, գործակցութիւնը եւ աջակցութիւնը սատարեցին ՀԲԸՄ-ի 91-րդ Ընդհանուր ժողովի յաջողութեան:

Նիւ Եորք 

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021