image
Հրատապ լուրեր:

Պատերազմի 46-րդ տարին. Լիբանանեան տագնապ եւ անաւարտ դասեր....

Պատերազմի    46-րդ տարին. Լիբանանեան      տագնապ եւ   անաւարտ դասեր....

 70-ականներու կէսերուն, երբ իր ամենաթէժ փուլին էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը երկրի քաղաքական շրջանակներ փորձելով բնութագրել Լիբանանի տագնապահար վիճակը հրապարակ նետեցին «Ալ հալա ալ լուպնանիյա» խօսքը, որ աւելի ուշ ալ դարձաւ կարեւոր ասոյթ, անոնց համար, որոնք քննեցին, պրիսմակի տակ առին ու նաեւ աւելի ուշ վերլուծել փորձեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրականութիւնը։

Նոյն այդ վերլուծաբանները, եթէ նոյնիսկ չկարողացան յստակ եւ հասկնալի եզրակացութիւններու յանգիլ տեղ մը հաստատեցին, որ Լիբանանն իր էութեամբ «նկարագրով», դիրքով եւ պայմաններով կը համարուի Մերձաւոր Արեւելքի շուրջ ընթացող մեծ խաղերու ջերմաչափն ու աւելի յստակ կերպով ըսած իսկական սնդիկը։

 

 Հոն են, որ արեւելքի եւ արեւմուտքի շահերը կը բախին ու հոն են նաեւ, որ շրջանային մեծ պայքարներու եւ ռազմաքաղաքական հեռանկարներու հիմնական ծրագիրները կը մշակուին։

 

 Հիմա շատեր հարց պիտի տայ, թէ ինչ պատճառով է, որ այդքան փոքրիկ Լիբանանը    (ընդամէնը  10  հազար քառ քլմ. տարածութեամբ), ինչ գործօններու պատճառով է, որ դարձած է համայն աշխարհի ուշադրութեան կեդրոն եւ կիզակէտ։

 Իսկ գալով պատասխանին, կամ առնուազն ախտաճանաչումին հարկ է նաեւ նկարագրել, որ Լիբանանի մէջ առկայ մեծ ու փոքր տագնապներուն իսկութիւնը կապ ունի Պաղեստինեան խնդրին հետ։

 Ու այստեղ է նաեւ, որ հասկնալի ու պարզ պէտք է դառնայ, որ 1948  թուականին տեղի ունեցած «Նաքպէ»էն ետք, երբ հազարաւոր պաղեստինցիներ, ինչ ինչ պայմաններու տակ քշուեցան իրենց հողերէն ստեղծեցին նոր տէմոկրաֆիք պատկեր, որուն մէջ ալ ամենախոցելի տեղը հանդիսացաւ Լիբանանը։

 Երկիր, որ մինչ այդ աշխարհին կը ներկայանար, որպէս երկու կրօնններու ՝ քրիստոնեայ եւ իսլամ համադրման ու նաեւ լիբանանցիներու շատ գործածած բառով համակեցութեան վայր, դարձաւ ճիշդ հակառակը։

 Այն իմաստով, որ երկար տարիներու ընթացքին Մարոնի համայնքին մենաշնորհը դարձած Լիբանանի իշխանութիւնը ձեւով մը դուրս եկաւ իր հունէն ու երկար տարիներու վրայ գործուած մեծ ու փոքր սխալները առիթ տուին, որ երկրի միւս համայնքները (առաջին փուլին մասնաւորապէս Տիւրզի, Սիւննի ու ապա նաեւ Շիիթ) մտածեն ստեղծել այնպիսի տինամիզմներ, որոնց շնորհիւ ալ կարելի պիտի ըլլալ հասնիլ իրողապէս հաւասար իրաւունքներ տուող եւ արդիական պետութեան մը հիմունքներուն։

 Սակայն չիրականացաւ այդ երազը. Չիրականացաւ, ոչ միայն անոր համար, որ քրիստոնեաները (յատկապէս Մարոնիթները) պատրաստ չէին բարեկարգումներու, այլ նաեւ անոր համար, որ խաղին մէջ մտաւ «պաղեստինեան ազդակ»ը, որ գլխիվայր ըրաւ ամէն ինչ ու երկիրը տարաւ քաղաքացիական պատերազմի անվերջանալի ու արիւնոտ տարիներու։

 

 15  Տարի տեւած եւ միջազգային  ԶԼՄ-ներու  կողմէ, որպէս ամենաբարբարոս եւ հակամարդկային պատկերներով ագուցուած պատերազմին ընթացքին եղան գործիչներ, որոնք բացէ ի բաց խօսեցան այն մասին, որ Լիբանանի համար նախատեսուած էր յատուկ ծրագիր, որու հիմքով ալ ահազարաւոր պաղեստինցիները պիտի վերաբնակեցուէին երկրին մէջ ստեղծելով տէմոկրաֆիք երեւելի փոփոխութիւն։

 Անշուշտ այդ ծրագիրը այլ դրուագներով առաջ տարուեցաւ ու ներկայացուած ծրագրին մէջ եկան իրենց տեղը գրաւելու Իսրայէլն ու Սուրիան։

 Առաջինը, որուն հեռահար նպատակն էր ապահովել իր հիւսիսային սահմանները անգամ դիմեց ռազմական միջամտութեան ու կարողացաւ Լիբանանի ռազմական դաշտին մէջ իր ազդեցիկ դերն ունեցող .ն (Առաջնորդ ՝Եասէր Արաֆաթով հանդերձ) դուրս բերել Լիբանանէն, իսկ Սուրիան նախագահ Հաֆէզ Ասատի գլխաւորութեամբ ստանալով քրիստոնեաներու կողմէ հնչած «մեզ փրկեցէք պաղեստինցիներէն եւ իսլամ լիբանանցիներէն» լոզունքով պատուած «մանտադ»ը իր ներկայութիւնը դարձուց մշտական  ու այդպիսով ալ հանդիսանալով նոյն քրիստոնեայ լիբանանցիներու մեծ մասին յստակ հակառակորդը։

 Թէ ինչպէս եւ ինչու յանկարծ Լիբանանի իսլամները իրենց փրկութեան լաստը տեսան ՊԱԿ-ի  (Պաղեստինի  Ազատագրութեան  Կուսակցութիւն , PLO) դրօշին ներքոյ տակաւին պարզ չէ ու նաեւ տեղիք մեծ հարցումներու։

 Ու նաեւ ինչպէս Լիբանանի մարոնիներու կարեւոր հատուածին համար մէկ օրէն միւսը «բարեկամ» եւ «փրկիչ» համարուող Հաֆէզ Ասատը դարձաւ հակառակորդ, դարձեալ առիթ է մեծ հարցումներու։

 Գուցէ պատկանելիութեան շաղախն էր թոյլ, կամ շրջանային այլ խաղացողներու կողմէ լիբանանցիներուն տրուած խոստումներուն շիճուկն էր աւելի ազդեցիկ, այս նաեւ առիթ է մեծ հարցադրումներու։

 Մէկ բան յստակ կը դառնար անշուշտ, որ բոլոր կողմերը բոլորին դէմ կռուեցան Լիբանանի մէջ։ Բոլորը մասնակից դարձան երկրի աւերումին ու համատարած քանդումին ու բոլորը համալիբանանեան մեծ երազներէն հրաժարելով իրենց փոքրիկ եսերն ու շահերը առաջ տանելով աւելիով մասնատեցին ու արիւնեցին «Մայրիներու երկիր»ը։

 

 Ցաւը նոյնն էր երէկ ու այսօր ալ նոյնն է։

 Տագնապը նոյնն էր երէկ ու այսօր ալ նոյնն է։

Լիբանանցիք իրար չեն վստահիր ու աւելին ըսելու համար իրենց ու մեր երկիր համարուող Լիբանանին կը նային նեղ ու մոխրագոյն դիտարաններէ։

 Իւրաքանչիւրը իր «հայրենիք»ը կը ձեւաբանէ եւ իւրաքանչիւրը այդ հայրենիքի սահմանները կը գծէ, մոռնալով յաճախ, որ իր արարքով աւելիով կը խեղէ այն մեծ Լիբանանի երազը, որ աշխարհին տուաւ մեծ անուններ, որ աշխարհին տուաւ մշակոյթ, որ աշխարհին տուաւ արդիական ոգի, այնքան մը վսեմ, որ 70-ականներու սկզբին Լիբանանը վերակոչուեցաւ ու դարձաւ ՝ «Արեւելքի Փարիզ»։

 

 Այս բոլորէն անդին այսօր եւս նոյն տագնապներն են որ պաշարած են Լիբանանը, անունները պարզապէս փոխուած են, դերաբաշխումը պարզապէս փոխուած է ու նաեւ դերակատարները միայն փոխուած են։

 Անցեալին Լիբանանի կայունութիւնը խանգարող մեխը կը կոչուէր «պաղեստինեան զէնք», այսօր շատերուն համար «Հըզպալլա»ի զէնքն է այդ մեխը, հակառակ անոր որ շատ առիթներով հաշուի չառնուիր այն խիստ կարեւոր հանգամանքը, թէ ինչ պայմաններու տակ Լիբանան հասած պաղեստինցիք տէրը դարձան զէնքի ու զինամթերքի, յար եւ նման «Հըզպալլա»ին որուն ծնունդ տուող պատճառներուն ու արդարացիութեան մասին շատ մը լիբանանցիներ կարեւորութիւն անգամ չեն ընծայեր։

 Եւ այսօր այս յարաբորբ դրութեան մէջ, աւելի քան յայտնի է ու պարզ, որ Արեւմուտք-արեւելք մեծ պայքարներուն մէջ Լիբանանը կը շարունակէ մնալ հիմնական հանդիսավայր, ուր կրնան շատ արագ աճիլ եւ տուն դնել նոր եւ վտանգաւոր խաղաոճեր, ապահովելով մասնակցութիւնը՝ ԱՄՆ-ին, ու Իրանէն եւ քիչ մը անդին երթալով տարբեր մակարդակի շահեր որոնող Ռիատին ու Անգարային։

 

 Լիբանանեան վիճակը այսօր ալ ունի մէկ լուծման ճանապարհ, որուն հիմքերուն կան փոխվստահութեան իրական արժէչափերը, որոնք անպայման պէտք է ապրեցուին միայն ու միայն քաղաքացիական եւ արդիական պետութեան մը կերտումով։

 

 «Ա»