image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Ցոլակ Թիւթէլեան. Ազգային-կուսակցական գործիչ եւ նախկին Քաղաքապետ՝ Պուրճ Համուտի

Ոչ եւս է Ցոլակ Թիւթէլեան. Ազգային-կուսակցական գործիչ եւ նախկին Քաղաքապետ՝ Պուրճ Համուտի

Լիբանանահայութիւնը ծանր կորուստ մը կրեց։

 Ոչ եւս է երկար տարիներով ազգային-կուսակցական գործունէութիւն ծաւալած Ցոլակ Թիւթէլեան։

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ  Պէյրութէն։

 

 

 Թիւթէլեանի անունը անմիջականօրէն կապուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենածանր փուլերուն, երբ ան ձեռնահսօրէն վարած է ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցչի պատասխանատու պաշտօն։

 Պատերազմի աւարտի օրերուն Ցոլակ Թիւթէլեանին կը վստահուի Պուրճ Համուտի քաղաքապետի պաշտօն, ուր ան անգամ մը եւս կը փաստէ ունակ գործիչի, եւ իմաստուն պատասխանատուի իր բարձր յատանիշները։

 

 Ըլլալով ՀՅԴ անդամ Թիւթէլեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է Լիբանանի  կազմակերպական կեանքին ու շնորհիւ կուսակցութեան կանոնագրին ու ոգիին հանդէպ իր ունեցած պարտաւորեցնող կեցուածքներուն գրաւած է յարգանքը ոչ միայն ՀՅԴ մեծ ընտանիքին, այլ նաեւ դարձած է համագաղութային ղեկավարի ու ներկայացուցիչի իրական կերպար։

 Աւելի ուշ Թիւթէլեան իր ծառայութիւնը բերած է մեր եկեղեցիին երկար տարիներով հանդիսանալով սերտ եւ վստահելի գործակիցը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դառնալով անդամ՝ Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան։

 

  Թիւթէլեանի մահով լիբանանահայութիւնը կը կորսնցնէ իր արդի պատմութեան ամենավառ ներկայացուցիչներէն մին, որուն կեցուածքները, որպէս կուսակցական գործիչ ընկալումներն ու իբր քաղաքապետ աշխոյժ ներկայութիւնը յաւերժօրէն պիտի յիշուին Պէյրութահայ շրջանակներուն կողմէ։

 

Թիւթէլեանի մահը գուժած են ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնները։

 

 Նշենք, որ Ցոլակ Թիւթէլեան պիտի արժանանայ ազգային թաղումի, որուն մանրամասնութիւններն ալ կը հաղորդենք յետագային։