image

Մահացած է Վաչէ Սրուրեանը. Ան Tele Liban կայանի աշխատակիցներէն էր

Մահացած է Վաչէ Սրուրեանը. Ան  Tele Liban կայանի աշխատակիցներէն  էր

Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի լրատուական դաշտի աշխատակիցներէն՝ Վաչէ Սրուրեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Պընթ Ժպէյլ» կայքէն։

 

Աղբիւրը կը նշէ, որ հանգուցեալը մահացած է իր ինքնաշարժին մէջ, երբ արդէն հասած էր «Թէլ լիպան» պետական հեռուստակայանի կառատուն։

Ան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով։

Իր կարգին Լիբանանի տեղեկատւութեան նախարար Մանալ Ապտըլ Սամատ գուժած է Վաչէի մահը նշելով, որ ան եղած էր «Թէլէ Լիպան»ի եթերներու պատրաստման հմուտ աշխատակիցներէն մին։