image

Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքճեան 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ

Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքճեան 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ

Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող եւ անցեալ Նոյեմբերին գերեվարուած լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքճեան դատապարտուեցաւ 20 տարուան ազատազրկման:

Վիգէնի դէմ արձակուած վճիռը հաստատուեցաւ 14 Յունիսի առաւօտ:

Դատարանի վճիռին համաձայն՝ առաջին հինգ տարիները Իւլճէքեանը պիտի անցնէ բանտին մէջ, իսկ մնացած ժամկէտը պիտի կրէ խիստ ռեժիմի գաղութին մէջ։

Յիշեցնենք, որ անցնող շաբաթ՝ 8 Յունիսին մեկնարկած էր անոր դատավարութիւնը:

Ատրպէյճանի մէջ անոր մեղադրանք առաջադրուած է «վարձկանութիւն», «ահաբեկչութիւն», «Ատրպէյճանի պետական սահմանի ապօրինի հատում» յօդուածներով:

Իւլճէքեանի գործով մեղադրանքը կառուցուած է միայն ամբաստանեալի «խոստովանական» ցուցմունքներուն հիման վրայ։

Մինչդեռ յայտնի է, որ 2015-ին Իւլճէքեանը ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն, 2019-ին տեղափոխուած է սկիզբը Երեւան, այնուհետեւ` Շուշի։

Յիշեցնենք, որ Վիգէնը անցեալ 10 Նոյեմբերին գերեւարուած էր Բերձոր շրջանին մէջ, իր ընկերակից Մարալ Նաճարեանին հետ:

Աւելի ուշ Մարալը, շնորհիւ լիբանանեան ու ռուսական նախաձեռնութեան, ազատ արձակուած էր ու վերադարձած իր ծննդավայրը՝ Պէյրութ: