Հրթիռ մը ինկած է Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցիին վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հրթիռը ինկած է Կիրակի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին: Հրթիռին հետեւանքով մեծ վնասներ կրած են եկեղեցիին երդիքն ու նստարանները: Նշենք, որ Հալէպի հայ Աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցին կը գտնուի Հալէպի «Ազիզիյէ» շրջանին մէջ եւ շուրջ 100 տարուան կեանք ունեցող աղօթքի տուն մըն է: Երէկ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած է առաւօտեան պաշտամունք: