image

Մենք պիտի չհեռանանք ահաբեկիչներու կողմէ գրաւեալ Սուրիոյ քրիստոնեայ շրջաններէն. Ֆրանչիսկեան վարդապետ

Մենք պիտի չհեռանանք ահաբեկիչներու կողմէ գրաւեալ Սուրիոյ քրիստոնեայ  շրջաններէն. Ֆրանչիսկեան վարդապետ

Սուրիա- («Իշթար tv»)- Տակաւին  հարիւրաւոր քրիստոնեաներ կ'ապրին Սուրիոյ այն տարածքներուն մէջ, ուր օրէնքներու կիրառումը իսլամական զինեալներու ձեռքն է: Այս մասին կը փոխանցէ «Իշթար»  հեռատեսիլը, նշելով, որ Սուրիոյ մէջ դեռ  կան քրիստոնեաներ, որոնք կ'ապրին իսլամիստ- ծայրայեղականներուն  տիրապետածշրջաններէն ներս, որոնք հակամարտութեան մէջ են Սուրիոյ  կառավարութեան եւ անոր դաշնակիցներուն, ռուսերու եւ շիիթ խմբաւորումներու հետ: Աղբիւրը կը նշէ, որ քրիստոնեաները թիւով քիչ են, եւ հիմնականին մէջ ՝  տարեցներ: Անոնց կողքին կանգնած են «Սուրբ տեղերու խնամակալութեան Ֆրանչիսկեան եղբայրներ»ը, որոնք վերջին շաբաթներուն դարձեալ  հրաժարած են առանձին թողել տղամարդոցմէ եւ կիներէ բաղկացեալ այդ փոքր խումբը:  Այս է իրավիճակը Քնէիյէի, Եագուպիյէի եւ Ժըտայտէի գիւղերուն մէջ, որոնք տեղակայուած են Որոնդէս հովիտին մէջ, ուր մօտ 400 քրիստոնեաներ կը շարունակեն իրենց կեանքը՝ աղօթքի եւ եկեղեցական պատարագի մասնակցութեամբ, որ կը կատարուի տեղական երեք կաթողիկէ համայնքներու կողմէ, որոնցմէ խլուած են եկեղեցւոյ զանգերը,  խաչերն ու սուրբերու արձանները: Այս փոքր խումբը կը նկատուի քրիստոնեաներու վերջին մնացորդացը, որոնք չէին կրցած դուրս գալ, միջոցներու պակասին եւ ծերութեան ու անկարողութեան պատճառով: Իսկ անոնց հետ մնացած երկու քահանայ հայրերը միակն են, որ մնացած են  իսլամական դատարանի օրէնքով պարտադրուած տնօրինուող այդ տարածքին մէջ: Նշեալ շրջանին մէջ պարբերաբար տեղի ունեցած առեւանգումներն ու բռնութիւնները, յատկապէս կրօնաւորներու ուղղուած, յաճախ մտածել տուած են այդ շրջաններէն հեռանալու մասին, մանաւանդ օր ըստ օրէ նօսրացող քրիստոնեայ համայնքի թիւին ի տես, սակայն որոշ ֆրանչիսկան հայրեր, բոլոր դժուարութիւններու ընդմէջէն իրենց քրիստոնաբարոյ կեանք վարելու վճռակամութեամբ  ըսած են, թէ  «Մենք պիտի չհեռանանք ահաբեկիչներու կողմէ գրաւեալ Սուրիոյ քրիստոնեայ տարածքներէն»:

Նշենք, որ Սուրիոյ հիւսիս արեւմտեան կողմը գտնուող Որոնդէս հովիտի տարածքը, ուր փոքր քրիստոնեական համայնքներ կ'ապրին, 2011-ին ինկած էր ընդդիմադիր ահաբեկիչներուն  ձեռքը, որոնցմէ նախ եւ առաջ՝ իսլամական պետութեան, եւ ապա Ալ-Քահիտայի պատկանող «Ալ-նուսրա» խմբակցութեան վերահսկողութեան տակ: Այդ օրերուն կարգ մը արեւմտեան կառավարութիւններ ողջունած էին  Սուրիոյ պետութեան  դէմ եղած այս գործողութիւնները: Երբ ընդդիմադիրները հասան Սուրիոյ քրիստոնէաբնակ հատուածներ, որոշ քրիստոնեաներ, ինչպէս նաեւ ուղղափառ քահանան ստիպուեցան փախուստի դիմել, որովհետեւ անոնք ծանօթ էին կառավարական մարդոց հետ իրենց ունեցած յարաբերութիւններով: Միւս կողմէ, ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, ֆրանչիսկան հայրերը մնացած են իրենց ծուխերու կողքին եւ չէին  վռնտուած, որովհետեւ անոնք կողմնակցութիւն չէին ցուցաբերած ոչ մէկ քաղաքական կողմի, այլ մնացած էին չէզոք  դիրքի մը մէջ: