image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանին 24 Ապրիլի գիշերը զինծառայող զոհուած է

Սահմանին 24 Ապրիլի գիշերը զինծառայող զոհուած է

Ապրիլ 24 լոյս 25-ին, Արցախա-ազրպէյճանական սահմանին, հակառակորդը՝ տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է աւելի քան 50 անգամ` հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով 800 կրակոց:

ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` սահմանի հարաւարեւելեան եւ արեւելեան հատուածներուն վրայ, ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է դիպուկահար հրացաններ (50 կրակոց):

 

Հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտման հետեւանքով՝ 24 Ապրիլին, ժամը 17:50-ին, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ գտնուող զօրամասերէն մէկուն մէջ զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Նարեկ Հմայակի Յարութիւնեանը:

Դէպքին մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար՝ ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու: