image
Հրատապ լուրեր:

Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ հանդէս գալ իրավիճակի թելադրողի դերով ԱՀ ՊԲ

Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ հանդէս գալ իրավիճակի թելադրողի դերով ԱՀ ՊԲ

2-էն 8-ն Յուլիս  ինկած  ժամանակահատուածին  Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ նկատուած է լարուածութեան աճ: Ընդհանուր առմամբ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 300 անգամ՝ առաջնային գիծի տարբեր հատուածներուն վրայ կիրառելով  60, 82 եւ 120 միլիմետրանոց ականանետեր, Դ-44 տիպի հրանօթներ ու նռնականետեր:

Հարկ է նշել նաեւ, որ 4 յուլիսի ազրպէյճանական զինուժը նախորդ տարուայ ապրիլեան ռազմագործողութիւններէն ետք առաջին անգամ շփման գծի հարաւային հատուածին վրայ  կիրառած է նաեւ 122 մմ-ոց Դ-30 հաուբից հրանօթներ եւ   ՏՌ-107 տիպի համազարկային հրթիռային կայանքներ՝ հարուածի թիրախ դարձնելով այդ ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական բնագծերը: Վերոնշեալ հրթիռային կայանքները տեղակայելով Ալխանլու գիւղի մերձակայ տարածքին մէջ, իր սովորութեան համաձայն, ազրպէյճանական զինուժը պատսպարուած է խաղաղ բնակչութեան թիկունքին ՝ վերջինիս օգտագործելով որպէս կենդանի վահան՝ այդ կերպ կոպտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքի նորմերը:

Օգտուելով պաշտպանուելու իր լիարժէք իրաւունքէն, հակառակորդի՝ խաղաղ բնակավայրին մերձակայ տարածքին մէջ տեղակայուած կրակակետը լռեցնելու համար, ՊԲ-ի առաջապահ զօրամասերը հարկադրուած եղած են  դիմելու պատասխան գործողութիւններու:

Պաշտպանութեան բանակը շփման գծի ողջ երկայնքով կը շարունակէ հանդէս գալ իրավիճակի թելադրողի դերով եւ վստահօրէն իրականացնել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: