image

15 Հազար անձ հրաժարած է ՀՀ քաղաքացիութենէն

15 Հազար անձ հրաժարած է ՀՀ քաղաքացիութենէն

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութենէն հրաժարածներու թիւը վերջին տարիներուն շեշտուած կերպով աճած է: Ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութենէն լրագրողին տրամադրուած տուեալներու համաձայն՝ 2017ի դրութեամբ, Հայաստանի քաղաքացիութենէն հրաժարելու վերաբերեալ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան դիմած են 3823 քաղաքացիներ:

Նշենք, որ 2012ին քաղաքացիութենէն հրաժարելու 968 դիմումներ ներկայացուած են, 2013ին՝ 1461, 2014ին՝ 2407, 2015ին՝ 2487, 2016ին՝ 3863, 1 Դեկտեմբեր 2017ի դրութեամբ՝ 3823 դիմում: 2012ի ընտրութիւններէն մինչեւ 2017ի ընտրութիւնները, երբ դարձեալ իշխանութեան եկած է Հանրապետական կուսակցութիւնը, Հայաստանի քաղաքացիութենէն հրաժարած են 15,009 քաղաքացիներ: