Այսօր առաւօտ ժամը տասին սպասուած հանդիպում մը պիտի կայացուի Երեւանի «Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ: ՀՀ Վարչապետ Սերժ Սարգսեան ընդառաջ երթալով ընդդիմադիր ճակատի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպման յօժարած է քննարկել իր վարչապետի պաշտօնէն հեռանալու հարցը:
Նշենք, որ կայացուելիք հանդիպման մասին յայտարարութիւնը ըրած է Փաշինեան, որ այս թեմայի մասին տեսագրութիւն մը ալ տեղադրած է իր դիմատետրի էջին վրայ:
Ամբողջ հայութեան համար վաղուան հանդիպումը կարեւոր է եւ այն տեղի կ'ունենայ շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր երկիրը անդամալոյծ վիճակի մատնած տարբեր եղանականեր եղած բողոքի ցոյցերէն եւ հանրահաւաքներէն ետք:
Յիշեցնենք, որ «սպասուած» հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի «Հանրապետութեան» հրապարակ այցելելէ եւ Փաշինեանի հետ խօսակցութիւն վարելէ ետք: