image

Ռոպերթ Քոչարեան դատական հայց ներկայացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի դէմ

Ռոպերթ Քոչարեան դատական հայց ներկայացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի դէմ

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը դատական հայց ներկայացուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։


Հայցուոր Ռոպերթ Քոչարեանը  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ հայց ներկայացուցած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան՝ հրապարակայնօրէն արտայայտուած զրպարտութենէն պատիւը եւ արժանապատուութիւնը պաշտպանելու պահանջի մասին:

Գործը մակագրուած է դատաւոր Հայարփի Զարգարեանին։ Ռոպերթ Քոչարեանի ներկայացուցիչը դատարանին մէջ «Մարտի1-ի» գործով անոր պաշտպաններէն Հայկ Ալումեանն է։

Թէ վարչապետի ըրած որ արտայայտութեան համար Քոչարեանը դիմած է դատարան յայտնի չէ։