image

«Երեւան-2800» Յոբելինական ձեռնարկներու ժամանակացոյցը հրապարակուած է

«Երեւան-2800» Յոբելինական ձեռնարկներու ժամանակացոյցը հրապարակուած է

Երեւանի քաղաքապետարանը հրապարակած է «Երեւան-2800» յոբելինական ձեռնարկներու ժամանակացոյցը:

«Երեւան-2800» տօնական ձեռնարկները պիտի իրականացուին 21 Հոկտեմբերին:

Մայրաքաղաքի կեդրոնական հատուածներէն բացի՝ այդ օրը տօնական հանդիսութիւններ  նախատեսուած են նաեւ վարչական շրջաններու կեդրոնական հրապարակներուն վրայ եւ այգիներու մէջ:

Տեղեկացնենք նաեւ, որ 21 Հոկտեմբերին Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանն ու Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը պիտի աշխատին մինչեւ ժամը 19:00, մուտքն ալ պիտի ըլլայ ազատ: