image
Հրատապ լուրեր:

Վաղը Երեւանի մէջ «Մաքրութեան օր»

Վաղը Երեւանի մէջ «Մաքրութեան օր»

Երեւանի մէջ 23 մարտին վաղ առաւօտէն պիտի մեկնարկի «Մաքուր Հայաստան» ծրագրով իրականացուող համապետական շաբաթօրեակը: Մաքուր ու կանաչապատ մայրաքաղաք ունենալու գործին այդ օրը կրնան մասնակցիլ նաեւ բնակիչները: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, մայրաքաղաքի մաքրութիւնը պիտի իրականացուի հասցէագրուած տարածքներու մէջ: 

«Նախատեսւում է մաքրել ընդհանուր օգտագործման բոլոր տարածքները, սիզամարգերը, զբօսայգիները, պուրակները: Կիրականացուեն հողային աշխատանքներ, փխրեցումներ, կշարունակուեն էտման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ նախատեսուած է ծառատունկ»,- նշած է Երեւանի քաղաքապետարանի բնապահպանութեան վարչութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Խաչիկ Յակոբեանը: 

Ծառատունկը եւս պիտի իրականացուի հասցէական ու բացառապէս ոռոգելի տարածքներու մէջ: 23 Մարտին մայրաքաղաքին մէջ պիտի տնկուի շուրջ 5000 ծառ: Այս տարի նոր մօտեցում պիտի ցուցաբերուի տնկիներու ընտրութեան հարցով: 

«Բացի աւանդական ծառատեսակներից լինելու են ծաղկող ծառեր, կատալպաներ, արոսենիներ, որոշ տեղերում կը տնկուեն նաեւ պաւլովնիաներ: Այս տարի մենք նաեւ խստացրել ենք տնկիների նկատմամբ պահանջները: Դրանք լինելու են շատ աւելի կենսունակ, աւելի հաստ տրամագծով, ուղղաձիգ առանցքով եւ աւելի բարձր հասակով»,- տեղեկացուցած է Խաչիկ Յակոբեանը: 


Համապետական շաբաթօրեակը մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ պիտի ուղեկցուի տօնական միջոցառումներով: «Համաքաղաքային շաբաթօրեակին միացել են Երեւանի բոլոր մշակութային հիմնարկները: Նախատեսել են իւրովի եւ շատ գեղեցիկ մշակութային միջոցառումներ: Մեզ է նաեւ միացել արուեստագէտների մի հսկայական բանակ եւ իրենց մասնակցութեամբ նախատեսել ենք կազմակերպել գեղեցիկ ֆլեշ-մոպեր՝ «Մաքուր պահենք մեր քաղաքը» խորագրով: Կոչ ենք անում բոլորին մարտի 23-ին միանալ մեզ: Տօնական շաբաթօրեակ բոլորիս», - նշած է Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի վարչութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գօշ Սարգսեանը: 

Բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ պիտի գործեն յատուկ հեռախօսահամարներ: Քաղաքի մաքրութեան միացած բնակիչները հասցէներն իմանալու եւ գործիքներու ձեռքբերման համար կրնան զանգել նշուած հեռախօսահամարներով: