Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնի առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ մեր ողջ ժողովրդը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, մեր ժողովուրդի բարեկամները, Սուրբ Զատիկը նշող բոլոր քրիստոնեաները, այս օրերուն Հայաստանի մէջ գտնուող հիւրերը:
Այս օրը քրիստոնեայ աշխարհի կողմէն կը նշուի առանձնայատուկ հանդիսաւորութեամբ եւ սիրով, առաւել եւս մեր ժողովուրդի պարագային: Որպէս քրիստոնէութիւնը աշխարհի մէջ առաջինը պետականօրէն ընդունած երկիր, քրիստոնէական հաւատքը արդէն բազում դարեր խորն ու ամուր նստած է հայ հողի, հայ մարդու, մեր ինքնագիտակցութեան մէջ:
Իր նշանակութեամբ եւ ընդգրկումով Սուրբ Յարութեան խորհուրդը աւելին է, քան եկեղեցական տօնը: Անիկա իւրովի կը համախմբէ մեզ, կ’ոգեւորէ եւ կը զօրացնէ բոլորս, կը վերածնէ, կը նորոգէ եւ կ’ամրապնդէ հաւատքը սեփական ուժերուն հանդէպ, նոր յոյսեր կը պարգեւէ վաղուայ օրուայ հանդէպ:
Այս տօնը նաեւ իւրատեսակ կոչ է՝ ըլլալու աւելի միասնական ու համախմբուած, աւելի հեռատես, հաստատակամ, հանդուրժող, յատկապէս որ աշխարհը այսօր լի է անկայուն եւ մտահոգիչ իրադարձութիւններով:
Կը մաղթեմ, որ Քրիստոսի յարութեան յուսաբեր աւետիսը լուսաւորէ ու նոր աւիւնով լեցնէ մեզմէ իւրաքանչիւրի սիրտը, մղէ նոր ու բարի գործերու՝ յանուն Հայաստանի եւ մեր ժողովուրդի:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի: