4 Յուլիսին, ժամը 20:24ին, Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան «911» ծառայութիւնը ահազանգ ստանացած է, թէ Երեւան քաղաքի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մօտակայքը, հրդեհ բռնկուած է. խոտածածկ տարածքը կ'այրի: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱԻՆ լրատուական ծառայութիւնը:
Հրդեհի բարդութեան «1Բիս» կանչով դէպքի վայր շտապած են ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան հրշէջ- փրկարարական ջոկատէն վեց մարտական հաշուարկ, եւ ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման խումբեր:
Նախարարութիւնը յայտնած է, որ պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկութիւն: