Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեանը հանդիպած է լիբանանահայ ներդրողներու հետ, որոնք Եղուարդի տարածաշրջանին մէջ մտադիր են կառուցել 600 տուներէ բաղկացած թաղամաս, ուր կրնայ բնակիլ մինչեւ 2800 բնակիչ:
«Մայրի» կոչուող թաղամասին մէջ արդէն իսկ կառուցուած է 7 տուն, միւս տուներու շինարարական աշխատանքները ընթացքի մէջ են:
Նորակառոյց թաղամասը պիտի ունենայ մանկապարտէզ, կրթական համալիր, եկեղեցի, առեւտուրի կեդրոններ, ժամանցային վայրեր:
Ներդրողները նշած են, որ այսպիսով կը ցանկան նպաստել Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման: