image

«Թող համարձակին» Արդարադատութեան նախարարի խիստ անդրադարձը

«Թող համարձակին» Արդարադատութեան նախարարի խիստ անդրադարձը

Քրէակատարողական համակարգին մէջ փտածութիւնը արմատախիլ պիտի ըլլայ: Այս մասին 21 սեպտեմբերին, Գիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բատասեանը:

«Քրէակատարողական համակարգին մէջ փտածութիւնը արմատախիլ պիտի ըլլայ, քրէական մշակոյթը արմատախիլ պիտի ըլլայ եւ որեւէ նման երեւոյթ գոյութիւն պիտի չունենայ նոր Հայաստանի քրէակատարողական համակարգին մէջ»,- ըսած է ան:

Անդրադառնալով բանտերուն մէջ նոր խռովութիւններ կազմակերպելու հնարաւորութեան նախարարը կարճ պատասխանած է. «Թող համարձակին»: