image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի «Ադամյան» թատերախումբը Հայաստան է

Հալէպի  «Ադամյան» թատերախումբը Հայաստան է

Հալէպի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը  Հայաստան ժամանած է: Այստեղ ադամեացնիները պիտի ներկայացնեն սփիւռքահայ յայտնի բերմադրիչ Վաչէ Ատրունիի հեղինակած եւ բեմադրած «Ծերունին եւ լեռը» ներկայացումը: Թատերախումբը ելոյթներ պիտի ունենայ Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ: Ներկայացումը ծննդավայրի կարօտի մասին է: Խումբը այս ներկայացումը արդէն խաղցած է Սուրիոյ մէջ, իսկ այժմ այն պիտի ներկայացնէ Հայաստանի մէջ, ուր 60-ամեայ թատերախմբին անհամբերութեամբ կը սպասէին:  

Երեւանեան ներկայացումները պիտի կայանան  5-9 հոկտեմբեր, ՀԲԸՄ երեւանեան կեդրոնին մէջ, իսկ խումբը Գիււմրիի մէջ պիտի խաղայ  9 հոկտեմբերին: