image

Երեւանի մէջ ոստիկան սպանուած է, իսկ անոր գործընկերը վիրաւոր է

Երեւանի մէջ ոստիկան սպանուած է, իսկ անոր գործընկերը վիրաւոր է

Այսօր՝ 16 հոկտեմբերին, զէնքի գործադրմամբ սպանութիւն կատարուած է Երեւանի մէջ: Ժամը 04:00-ի սահմաններուն երեւանի 1-03 շտապօգնութեան կայանէն ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութիւնը ահազանգ ստացած է, որ բժիշկներու հերթապահ խումբը մահացած վիճակի մէջ հիւանդանոց տեղափոխած է քաղաքացի մը, եւս մէկ հոգի ալ ծեծուած վիճակով:

Shamshyan.com  փոխանցմամբ,  իրաւապահները պարզած են, որ մահացածը եւ վիրաւորիը հիւանդանոց տեղափոխած են Ազատութիւն պողոտայի եւ Բաբայեան փողոցներու խաչմերուկէն, ուր, մահացածն ու վիրաւորը՝  ոստիկանութեան Քանաքեռ-Զէյթունի բաժնի ծառայողներ, իրենց ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ յարձակման ենթարկուած են:

Յարձակողները 2 հոգի եղած են, որոնցմէ մէկը ատրճանակով կրակած է ոստիկանութեան ծառայողներէն մէկուն վրայ, իսկ միւսին ալ ծեծած են ու դիմած փախուստի:

ՀՀ ոստիկանութենէն դէպքի մանրամասներու մասին յայտնած են, որ գիշերային ծառայութիւն իրականացնող ոստիկանները «Յաղթանակ» զբօսայգիի մուտքի մօտ նկատած են երկու անձի։ Վերջիններս, տեսնելով պարեկային մեքենան, փախած են։ Ոստիկանութեան ծառայողները հետապնդած են անոնց եւ Ազատութեան պողոտայի վրայ բռնած։ Բռնուած անձինք դիմադրած են։ Այդ ընթացքին անոնցմէ մէկը խլած է ոստիկաններէն մէկու հաշուեցուցակային ատրճանակն ու կրակած անոնցմէ մէկուն վրայ, ինչպէս նաեւ ատրճանակի բռնակով հարուածած միւս ոստիկանին։ Վերջիններս դէպքի վայրէն դիմած են փախուստի։ Ստացած հրազէնային վնասուածքի հետեւանքով՝ Արաբկիրի պահպանութեան բաժնի ոստիկան, 38-ամեայ Տիգրան Առաքելեանը մահացած է։ 

 

Յարուցուած է քրէական գործ: