image

2020-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան պիտի յատկացուի 194,2 միլիառ դրամ

2020-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան պիտի յատկացուի 194,2 միլիառ դրամ

2020 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կը նախատեսուի յատկացնել 194,2 միլիառ դրամ, ինչը 4,2 միլիառով աւելի է, քան 2019-ին։

Ծախսերու աճը պայմանաւորուած է ՀՆԱ ցուցանիշներու աւելացմամբ։

Այսպիսով, համաձայնագրերու համապատասխան, որոնք ստորագրուած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութիւններու միջեւ ՌԴ Զինուած ուժերու օդային սարքերու սպասարկման մասին, որոնք կը գտնուին Հայաստանի տարածքին, պետական պիւտճէէն կը նախատեսուի յատկացնել 100 միլիոն դրամ, իսկ պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքերու եւ շինութիւններու՝ բնակելի տուներու, ուր կ'ապրին զինծառայողներն ու սպաները իրենց ընտանիքներուն հետ, գրասենեակներու եւ այլ շինութիւններու, նորոգման եւ պահպանութեան համար կը նախատեսուի յատկացնել 92,7 միլիառ դրամ, ինչը 26,2 միլիառով աւելի է, քան 2019-ին։