image

Ձերբակալուեցաւ նախարարի տեղակալ ՝ Գէորգ Լոռեցեանը

Ձերբակալուեցաւ նախարարի տեղակալ ՝ Գէորգ Լոռեցեանը

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած է, որ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու կասկածանքով բերման ենթարկուած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալը, ինչպէս նաեւ վերջինիս վարորդն ու ՀՀ-ի մէջ գործող ֆութպոլային ակումբներէն մէկու նախագահը, որ միաժամանակ կը հանդիսանայ նաեւ շարք մը մատակարարող ընկերութիւններու փաստացի ղեկավարը: «Ազատութեան» տեղեկութիւններով՝ խօսքը փոխնախարար Գէորգ Լոռեցեանի մասին է։

Ձեռք բերուած նախնական տուեալներու համաձայն՝ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալը, նախարարութեան ենթակայ հիմնարկներու կարիքներուն համար մարզագոյքի եւ մարզահագուստի ձեռքբերման նպատակով յայտարարուած մրցոյթներուն աջակցութիւն ցուցաբերելով վերոնշեալ տնտեսվարողին, ատոր դիմաց վարորդի օժանդակութեամբ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է ստանալ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք գումար:

Տնտեսվարողի կողմէ գումարի մէկ մասը նախարարի տեղակալի վարորդին փոխանցելէն անմիջապէս ետք վերջիններս բռնուած են:

Առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքի առթիւ նախապատրաստուած նիւթերը փոխանցուած է ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունք: