image

Ձիւն եւ մերկասառոյց. Հայաստանի տարածքով մէկ կան փակ ճանապարհներ

Ձիւն եւ մերկասառոյց. Հայաստանի տարածքով մէկ կան փակ ճանապարհներ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 5 դեկտեմբերին՝ ժամը 22:45-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին մէջ կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ:

Սոթք-Քարվաճառ ճանապարհը դժուարանցանելի է, իսկ բեռնատարներու համար՝ անուաշղթաներու կիրառման պարագային՝ բաց:

Վարդենեաց լեռնանցքը (Գեղարքունիքի մարզի կողմէ) փակ է բեռնատարներու համար, միւսներու համար՝ դժուարանցանելի:

Արագածոտնի մարզի Մասթարայի եւ Ապարանի տարածաշրջաններուն մէջ, Սիւնիքի մարզի Գորիս-Սիսիան ճանապարհին առկայ է մերկասառոյց:

Սիւնիքի մարզի Կապան, Քաջարան քաղաքներուն մէջ ձիւն կը տեղայ:

Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքին մէջ, Վարդենեաց լեռնանցքի, Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքի, Սարաւան-«Զանգեր» ճանապարհուն մառախուղ է: