ՀՖՖ անդամներու արտահերթ ժողովի պատուիրակներու կողմէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիայի նախագահ ընտրուած է Արմէն Մելիքբեկեանը:
ՀՖՖ նախագահի թեկնածուներէն Արմէն Մելիքբեկեանի օգտին քուէարկած էր 13 պատուիրակ, Թովմաս Գրիգորեանի օգտին՝ 7: Անվաւեր ճանչցուած է 3 քուէաթերթիկ:
ՀՖՖ ժողովի 25 պատուիրակներէն ընտրութեան մասնակցած են 23-ը: Մէկ պատուիրակ ներկայ չէր ժողովին, մէկ պատուիրակ ալ չունէր համապատասխան անձը հաստատող փաստաթուղթ:
Յիշեցնենք, որ 21 նոյեմբերին ՀՖՖ նախագահ Արթուր Վանեցեանը եւ ՀՖՖ գործադիր կոմիտէի անդամները հրաժարական տուած էին։