image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ ծանր վիրաւորուած լիբանանահայ զինուորի վիճակը կայուն է. «Մեր բժիշկները հրաշագործ են»

Արցախի մէջ ծանր վիրաւորուած լիբանանահայ զինուորի վիճակը կայուն է. «Մեր բժիշկները հրաշագործ են»

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը կը տեղեկացնէ. 


«Հայկ Սիմոնի Զաքարեանի վիրահատութիւնն աւարտած է: Անոր վիճակը ծանր է, բայց կայուն: Մեր բժիշկները հրաշագործ են ուղղակի: Եթէ վիրաւորը հասնի գործողութեան, ապա գրեթէ միշտ կը փրկեն մեր հրաշագործները»:

Աւելի վաղ տեղեկացուցած էինք, որ 24 յունուարի ն՝ ժամը 06:55-ի մօտերը, ՊԲ հիւսիային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, հրազէնային վիրաւորում ստացած են ՊԲ զինծառայողներ, 2001-ի ծնունդ Հենրի-Հայկ Սիմոնի Զաքարեանը եւ 2000-ի ծնունդ Արմէն Ճոնիքի Մեսրոպեանը: Վիրաւորում ստացած զինծառայող Հենրի-Հայկ Սիմոնի Զաքարեանի վիճակը կը գնահատուի ծանր: Արծրուն Յովհաննիսեանը աւելցուցած է, որ կատարուածը միջադէպ է, որու մասին այլ մանրամասներ չի կրնար յայտնել: 

«Արեւելքի» տեղեկութիւններով, Հայկ Սիմոնի Զաքարեանը լիբանանահայ է, որ զինուորական ծառայութեան մէջ կը գտնուէր Արցախի մէջ: Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: