image

«Պէտք է խօսիլ Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ». Փաշինեանի խօսքը Ալիեւին

«Պէտք է խօսիլ Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ». Փաշինեանի խօսքը Ալիեւին

Հայաստանն ու Ղարաբաղը իսկապէս պատրաստ են լեռնային-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման։ Այս մասին Միւնխէնեան անվտանգութեան համաժողովին Ղարաբաղի շուրջ քննարկման ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Մենք հաւատարիմ ենք խաղաղ բանակցութիւններու գործընթացին, եւ անոնք պէտք է անցնին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով։ Մենք պատրաստ ենք իրական ջանքեր գործադրելու, որպէսզի հասնինք հակամարտութեան կարգաւորման։ Մենք պէտք է հասնինք իրական բեկման բանակցութիւններու գործընթացին մէջ»,- յայտարարած է վարչապետը:

Փաշինեանի խօսքով՝ իր վարչապետ դառնալէն ետք, հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ «միքրոյեղափոխութիւն» առաջարկած է։ «Առաջինը՝ ես յայտարարած եմ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու համար։ Ես առաջին առաջնորդն եմ, որ նշած եմ, թե լուծումը նաեւ Ատրպէյճանի ժողովուրդի համար պէտք է ընդունելի ըլլայ։ Ես նաեւ կոչ ըրած են ընկերային ցանցերու օգտատէրեր հայերուն ու ատրպէյճանցիներուն հրաժարիլ զիրար հասցէին սպառնալիքներէ, վիրաւորանքներէ։ Ես փորձած եմ ուղիղ դիմել ատրպէյճանցիներուն։ Ես դէմ չեմ, որ Ալիեւը դիմէ հայերուն։ Սակայն, Ատրպէյճանի նախագահը կը հրաժարի խօսիլ ղարաբաղի ժողովուրդի հետ։ Ինչպէ՞ս կարելի է լուծել ղարաբաղեան խնդիրը՝ չխօսելով Ղարաբաղի ժողովուրդի հետ»,- յայտարարած է Փաշինեանն՝ իր առաջարկութիւններն անուանելով «միքրոյեղափոխութիւններ»։

Ի պատասխան Ալիեւի այն ակնարկին, որ յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, Փաշինեանը յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանը երկու անգամ պայմանագիր կնքած է Ղարաբաղի հետ։

«Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին, իմ որդին կամաւոր մեկնած է ծառայելու Ղարաբաղի մէջ, որպէսզի պաշտպանէ իր հայրենակիցները»,- նշած է ան։