image

Միւնիխի հանդիպումը շրջադարձային էր. Վարչապետ

Միւնիխի հանդիպումը շրջադարձային էր. Վարչապետ

Միւնիխի մէջ անվտանգութեան համաժողովի շրջածիրէն ներս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի վերաբերեալ քննարկումը կը կարծեմ, որ ունի շրջադարձային նշանակութիւն։ Այս մասին 20 փետրուարին, Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«2018-ի մայիսէն ի վեր Ատրպէյճանը կը փորձէ ողջ միջազգային հանրութիւնը համոզել, որ Հայաստանը ապակառուցողական դիրքորոշում ունի Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ: Այդ խօսակցութիւնը միջազգային հանրութեան շատ յստակ ցոյց տուաւ, որ Հայաստանն ունի կառուցողական դիրքորոշում Ղարաբաղի հարցի առումով, իսկ Ատրպէյճանն ունի ապակառուցողական, ընդհուպ ռասիզմի (ցեղապաշտութեան) հասնող դիրքորոշում Ղարաբաղի հարցով: Սա ամենակարեւոր արդիւնքն է»,-  նշած է ան:

Ըստ վարչապետի՝ երկրորդ ամենակարեւոր արդիւնքն այն է, որ ինքը իրականացուցած է հայ ժողովուրդին տուած կարեւորագոյն խոստումներէն մէկը․ «Ես ըսած եմ, որ ՀՀ ժողովուրդէն Ղարաբաղի հարցի բանակցային գործընթացին վերաբերեալ որեւէ գաղտնիք պիտի չունենամ: Անցած են այն ժամանակները, երբ Ղարաբաղի հարցի էութեան պէտք է տիրապետէ փորձագէտներու նեղ շրջանակ: Ղարաբաղի հարցի բովանդակութեան պէտք է տեղեակ ըլլայ ողջ հայ ժողովուրդը»։

Բացի այդ, անոր խօսքով, այդ հանդիպման հետեւանքով շատ կարեւոր բան տեղի ունեցած է. «Կը ձեւաւորուի Ղարաբաղեան հարցի բանակցային նոր բովանդակութիւն, որ ես պայմանականօրէն կ'անուանեմ Միւնխէնեան սկզբունքներ»։

Նիկոլ Փաշինեանը շեշտած է՝ եթէ կայ առաջարկ անվտանգութեան ապահովման նոյնքան արդիւնաւէտ գործիքի մը, այդ առաջարկը թող ձեւակերպուի, եւ հայ ժողովուրդը կը քննարկէ՝ այն իր համար ընդունելի է, թէ ոչ․ «Մենք կ'ըենք, որ այդ «սթաթուս քո»ն, երբ ձեւաւորուեր է, երբ Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերն այդ տարածքները վերցուցած են վերահսկողութեան տակ, անոնք այդ ըրած են, որպէսզի Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղէն հնարաւորինս հեռացուին այնքան, որ դառնան անհասանելի: Եթէ կայ առաջարկ անվտանգութեան ապահովման նոյնքան արդիւնաւէտ գործիքի մը, այդ առաջարկը թող ձևակերպուի, եւ հայ ժողովուրդը կը քննարկէ՝ այն իր համար ընդունելի է, թէ ոչ»։

Վարչապետը անգամ մը եւս շեշտած է՝ Լեռնային Ղարաբաղն անկախութիւն ստացած է այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճանը․ «Երբ կը խօսին տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի մասին, այդ որ երկրի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի մասին կը խօսին. Երբ Ատրպէյճանն անկախութիւն ստացած է, Խորհրդային Միութեան տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանած է արդեօք: Հակահարց կրնայ հնչել, որ Խորհրդային Միութիւն պետութիւնն այլեւս գոյութիւն չունի, բայց գոյութիւն չունի նաեւ այն պետութիւնը, որուն կազմին մէջ եղած է Լեռնային Ղարաբաղը, այդ պետութիւնը Ատրպէյճանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնն է: Այս թեզն ունի նրբութիւններ, որոնք պէտք է հաշուի առնել»։