image
Հրատապ լուրեր:

Կիւմրիի մէջ դաժան սպանութիւն կատարելու մէջ մեղադրուողը կալանաւորուեցաւ

Կիւմրիի մէջ դաժան սպանութիւն կատարելու մէջ մեղադրուողը կալանաւորուեցաւ

SHAMSHYAN.com-ի տեղեկութիւններով՝ 8 մարտին, Հայաստանի քննչական կոմիտէի Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան քննիչը միջնորդութիւն ներկայացուցած է Շիրակի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Կիւմրիի նստավայր, որպէսզի դատարանը որպէս խափանման միջոց երկամեայ կալանքի որոշում կայացնէ Կիւմրի քաղաքի Շիրակացի փողոցի բնակիչ, 28-ամեայ Դաւիթ Պօղոսեանի նկատմամբ:

Նշենք, որ ան կը կասկածուի այս տարուամ 5 մարտին Կիւմրիի մէջ Կիւմրիի բնակիչ, 43-ամեայ Մարիամ Խ.-ն դաժան ծեծի ենթարկելու, որու հետեւանքով վերջինս գիտակցութեան չգալով՝ մահացած էր եւ անոր անչափահաս աղջնակը ծեծի ենթարկելու մէջ:

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ դատարանը բաւարարած է քննիչի միջնորդութիւնը Պօղոսեանը, որ անցեալին նոյնպէս եղած է դատապարտուած՝ կալանաւորուած ու տեղափոխուած է քրէակատարողական հիմնարկ: