image

Հայաստանի մէջ մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած 89-ամեայ քաղաքացի

Հայաստանի մէջ մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած 89-ամեայ քաղաքացի

«Նորք» վարակաբանական հիւանդանոցի մէջ արձանագրուած է մահուան դէպք: Այդ մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է Առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը։

«Նորք» վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ արձանագրուած է մահուան դէպք։ 89-ամեայ հիւանդն ունեցած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւն, հաստատուած երկկողմանի թոքաբորբ։ Բացի այդ, քաղաքացին ունեցած է ուղեկցող խրոնիկ հիւանդութիւններ։ Ցաւօք, վերջինիս տարիքի եւ ուղեկցող հիւանդութիւններու պատճառով հնարաւոր չէ եղած փրկել անոր կեանքը»,- «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ գրած է ան:

Մինչ այժմ Հայաստանի մէջ մահացած էր «Քորոնա» ժահրով վարակուած 3 մարդ: