image

Ըստ Վարչապետի Հայաստանի մէջ վարակուածներէն 500-ը բուժման կարիք չունի

Ըստ Վարչապետի Հայաստանի մէջ վարակուածներէն 500-ը  բուժման կարիք չունի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերէն աւելի քան 500-ը ըստ էութեան որեւէ բուժում չի ստանար, որովհետեւ չունի նոյնիսկ ջերմութիւն: «Արմենպրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ «Քափիթալ ծրագրերու իրականացման ընթացք»ին վերաբերող խորհրդակցութեանն իր խօսքին մէջ:

«Այս պահի դրութեամբ մեր երկրին մէջ կայ 770 դրական ախտորոշուած դէպք, ունինք, ցաւօք սրտի, 7 մահ, 43 մարդ առողջացած է: Եւ այս  պահի դրութեամբ 720 մարդ կը գտնուի բուժման շրջանի մէջ՝ ի հարկէ այնքանով, որքանով այդ բուժումը  կարելի է համարել այդպիսին, քանի որ մեծամասնութիւնը՝  աւելի քան 500 մարդ, ըստ էութեան որեւէ բուժում չի ստանար, որովհետեւ նոյնիսկ ջերմութիւն չունի: Բայց, այնուամենայնիւ, անոնք վարակակիրներ են եւ անոնց պէտք է պահել նման պայմաններու մէջ, որպէսզի վարակի տարածումը կանխարգելուի»,-ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետը նկատած է՝ ցաւօք «Քորոնա» ժահրի համավարակը կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ: Այս պահի դրութեամբ աշխարհի մէջ  կայ 1 միլիոն 119 հազար հաստատուած դէպք, արձանագրուած է 59 հազար 245 մահ, 229 հազար 338 մարդ առողջացած է: