image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի ԱԳՆ-ն կը դիտարկէ Լիբանանի ժողովուրդին օգնութիւն ցոյց տալու հարցը. Խօսնակ

Հայաստանի ԱԳՆ-ն կը դիտարկէ Լիբանանի ժողովուրդին օգնութիւն ցոյց տալու հարցը. Խօսնակ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիտարկէ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին թիրախային եւ առաջին անհրաժեշտութեան օգնութիւն ցուցաբերելու սենարները: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը:

«Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետաեւնքով հայահոծ շրջաններու մէջ, ինչպէս ամբողջ Պէյրութի մէջ, աւերածութիւնները լայնածաւալ են. փլուզուեր են շէնքեր, վնասուեր են եկեղեցիներ, վնասուեր է նաեւ Հայկազեան համալսարանի շէնքը։ Ներկայ դրութեամբ մեր գործընկերներուն հետ միասին կը դիտարկուի եւ կը գնահատուին Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին թիրախային եւ առաջին անհրաժեշտութեան օգնութիւն ցուցաբերելու տարբեր սենարներ»,- գրած է Նաղդալեանը:

Մամուլի խօսնակը նշած է, որ այս պահի դրութեամբ տեղեկութիւն կայ ազգութեամբ հայ երեք մահացածներու եւ  շուրջ 100 վնասուածներու մասին, բայց այդ թիւերը, ցաւօք, կրնան աճիլ, քանի որ մեծ է անյայտ կորածներու թիւը։