«Այսօր՝ 7 օգոստոսին, աւելի քան 25-ամեայ զինուորական ծառայութենէ ետք՝ իմ զեկուցագրի համաձայն, կը թողեմ Արցախի զինուած ուժերու Տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետի պաշտօնը եւ կը զօրացրուիմ ՊԲ շարքերէն:
Կը ձգեմ հպարտութեամբ, քանի որ ծառայեր եմ բանակի մը մէջ, որ իր ստեղծման եւ կայացման ճանապարհն անցած է մարտական աշխոյժ գործողութիւններու մէջ տարած փառաւոր յաղթանակներուն զուգահեռ եւ այսօր ալ կը շարունակէ պատիւով կատարել Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ առաքելութիւնը:
Հակուած եմ կարծելու, որ այն ամէնը, ինչ կեանքի կոչուած է իմ պաշտօնավարման ժամանակահատուածին եւ ռազմատեղեկատուական ոլորտի մէջ զբաղուած տասնեակ ծառայակիցներուս ազնիւ ու բոլորանուէր աշխատանքի շնորհիւ, իր համեստ նպաստը ունի մեր երկրի պաշտպանական համակարգի լիարժէք կենսագործունէութեան ապահովման գործին մէջ: Միաժամանակ, իմ շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնց հետ այս տարիներու ընթացքին պատիւ ունեցած են յարաբերելու մեր մասնագիտական ճակատին մէջ:
Առանձնայատուկ կ'ուզեմ շեշտել եւ մեծարանքի խօսքեր հասցէագրել Արցախի զինուած ուժերու ղեկավարութիւնը ստանձնած բոլոր հրամանատարներուն, մարտական փայլուն ճանապարհ անցած` գործող եւ պաշտօնաթող զօրավարներուն, քանզի անոնցմէ իւրաքանչիւրին ճանչցած ու յարգած եմ որպէս ուրոյն բնաւորութեամբ, մօտեցումներով եւ ձգած մնայուն ժառանգութեամբ ռազմական գործիչներու:
Իմ անկեղծ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ բանակի վարչութեանն ու ողջ անձնակազմին՝ գիտակցուած ու իմաստալից համատեղ ճանապարհ անցնելու համար եւ կը մաղթեմ ամենալաւն ու բարին:
Համոզուած եմ, որ ինչպէս եղած ենք ուժեղ, կանք ուժեղ, այդպէս ալ պիտի ըլլանք ուժեղ եւ յաղթող:
Պատիւ ունիմ»,- գրած է ան: