image
Հրատապ լուրեր:

Մանէ Թանտիլեան հրաժարեցաւ Ազգային Ժողովի անդամութենէն

Մանէ Թանտիլեան  հրաժարեցաւ  Ազգային Ժողովի անդամութենէն

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակով խորհրդարան հասած Մանէ Թանտիլեան հրաժարած է Խորհրդարանի անդամութենէն։

 

 Այս մասին Թանտիլեան գրառած է իր դիմատետրի էջով։

 Ան նաեւ յայտնած է, որ հրաժարական տալուն եւ քաղաքական կեանքէն հեռանալուն (երեւի առժամաբար) հիմնական դրդապատճառը, իր առողջական վիճակն է։

 Թանտիլեան , նաեւ յայտնած է, որ նոյնպէս կը հրաժարի «Լուսաւոր Հայաստան»ի քաղաքական խորհուրդի անդամութենէն։