image

Յատուկ փաթեթ հայրենադարձուող Լիբանանահայերուն. Սինանեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ

Յատուկ փաթեթ հայրենադարձուող Լիբանանահայերուն. Սինանեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ

Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստէ փաթեթ, որ կարենայ ըստ արժանուոյն ընդունիլ Լիբանանէն Հայաստան եկողները: Այս մասին՝ այսօր կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:

«Մենք պէտք է կարենանք ըստ արժանուոյն ընդունիլ անոնք, որոնք կը ցանկան գալ Հայաստան, ապրիլ այստեղ, դառնալ հասարակութեան լիիրաւ անդամներ, քաղաքացիներ, հարկ վճարողներ, զինուորներ, եւ փորձենք միասին կերտել մեր երազած Հայրենիքը»,- ըսած է Սինանեան:

Անդրադառնալով հարցումին, թէ Հայաստան լիբանանահայերու նկատմամբ հայրենադարձութեան քաղաքականութիւն կ՛իրականացնէ, Սինանեան խնդրի այսպիսի դրուածքը այնքան ալ ճիշդ չի համարեր: Ան նշեց, որ հայրենադարձութեան քաղաքականութեան պարագային պետութիւնը թելադրողի դեր ունի: Այսինքն` ան կը ստեղծէ այն իրավիճակը, որու արդիւնքով մարդիկ կ՛ուզեն վերադառնալ Հայրենիք:

«Այս պարագային իրականութեան մէջ մենք դիտորդի դերի մէջ ենք: Ժամանակի ընթացքին մեր կամքէն անկախ ստեղծուած են հանգամանքներ, որոնք յանգեցուցած են այս իրավիճակին: Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը, դրամատնային համակարգի կաթուածահար վիճակը: Այնտեղ առկայ է տարբեր երկիրներու շահերու բախում: Մարդոց մօտ լուրջ վախ կայ, որ կրնան ունենալ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը յիշեցնող երեւոյթներ: Աւելցնենք «Քորոնա»ով պայմանաւորուած խնդիրները: Պայթիւնն ալ վերջին հարուածն էր: Արդիւնքով ունինք այն, ինչ ունինք»,- ըսած է ան։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը նկատեց, որ Լիբանանէն դուրս գալու տրամադրութիւնները առկայ էին դեռ 2019 թուականէն: Մասնաւորապէս, ան ներկայացուց 2019 թուականի վերջը տեղի ունեցած հարցախոյցին տուեալները: Հարցման մասնակցած է 521 լիբանանահայ, որոնց 58 տոկոսը նշած էր, որ մօտ ապագային պիտի լքէ Լիբանանը: Զգալի հատուածն ալ ըսած էր, որ կը մտածեն Հայաստան գալու մասին:

«Մենք որպէս պետութիւն պատասխանատւութիւն կը կրենք մեր քաղաքացիներուն համար: Դեսպանութեան տուեալներով, Լիբանանի մէջ 25 հազար ՀՀ քաղաքացի կայ, մենք պատասխանատւութիւն ունինք մեր հայրենակիցներուն համար»,- աւելցուցած է գլխաւոր յանձնակատարը: