image

Երեւանի Սուրիահայերու դարմանատունը պիտի ընդունի նաեւ լիբանանահայերը

Երեւանի Սուրիահայերու դարմանատունը պիտի ընդունի նաեւ լիբանանահայերը

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միության «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնին մէջ գործող «Քլաուտիա Նազարեան»  բժշկական կեդրոնը վերսկսած է աշխատանքները, որ դադրած էին արտակարգ դրութեան պատճառով:  Այս մասին կը տեղեկանանք կեդրոնէն:

Բժշկական կեդրոնը, որ յայտնի է «Սուրիահայերու դարմանատուն» անունով, կ'ընդունի Երեւանի մէջ ապրող սուրիահայերը՝ անոնց տրամադրելով անվճար բժշկական խորհրդատւութիւն եւ որոշ ծառայութիւններ: Կեդրոնին մէջ հիմնական կ'աշխատին Սուրիայէն Երեւան տեղափոխուած բժիշկներ, որոնք սկսած են ընդունիլ հիւանդները՝ պահպանելով հակահամաճարակային կանոնները:  

Աշխատանքներու վերսկսման առիթով «Քլաուտիա Նազարեան»  բժշկական կեդրոնը յայտարարած է, որ այսուհետեւ կեդրոնը պիտի սպասարկէ նաեւ լիբանանահայերուն: