image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք կռիւ կը մղենք, ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ դէմ»ԱՀ Նախագահ

«Մենք  կռիւ կը մղենք, ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ դէմ»ԱՀ Նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով` Արցախի դէմ, բացի Ազրպէյճանէն, կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Այս մասին Յարութիւնեան ըսաւ 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան հրաւիրուած ճեպազրոյցի ընթացքին:

«Մեր   դէմ  կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Կ՛օգտագործեն թրքական բանակի ձեռքի տակ եղած հիմնական ժամանակակից զէնքերն ու զինամթերքները` անօդաչու թռչող սարքեր եւ ինքնաթիռներ: Չեմ խօսիր վարձկաններու, այլ երկիրներէ կամաւորականներու մասին: Արցախը կը կռուի միայն օգտագործելով Արցախի ՊԲ բանակի ուժերը եւ պիտի ըլլան կամաւորներ միայն Հայաստանէն, հակառակ որ, որ ՀՀ կառավարութեան որոշումը կայ` յայտարարել ռազմական դրութիւն եւ զօրաշարժ»,- ըսած է Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահը նշած է, որ Պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրը:

«Դիրք կորսնցուցած ենք, հնարաւոր է` նաեւ կորսնցնենք: Դիրքեր պիտի գրաւենք հաստատ: Պատերազմի արդիւնքները մեզի համար կանխատեսելի են, թշնամիին ծրագիրը պիտի ձախողի: Արդէն իսկ ունին հարիւրաւոր կորուստներ, զրահամեքենաներու տասնեակ կորուստներ»,- նշած է Արցախի նախագահը: