image

Այս փուլին Արցախեան հիմնահարցի դիւանագիտական լուծում գոյութիւն չունի. Վարչապետ

Այս փուլին Արցախեան հիմնահարցի դիւանագիտական լուծում գոյութիւն չունի. Վարչապետ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ այս փուլին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը դիւանագիտական լուծում չունի, քանի որ Ատրպէյճանը կ'ուզէ հարցը լուծել միայն ռազմական ճանապարհով եւ անոնց համար ընդունելի միակ տարբերակը Արցախի յանձնուիլն է:

«Պէտք է մենք յստակ գիտակցինք, որ ԼՂ հարցը, գոնէ այս փուլին եւ այս փուլէն սկսած մինչեւ բաւական երկար ժամանակ դիւանագիտական լուծում չունի եւ բոլոր այն յոյսերը, առաջարկները, թէ պէտք է դիւանագիտական լուծում գտնել, առաւել եւս այս իրավիճակին մէջ, պէտք է համարենք աւարտած: Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ հարցը փոխզիջումներու տարբերակով լուծելու պատրաստակամութիւն ունինք: Այդ կը նշանակէ, որ մեր դրած նշաձողէն կրնանք ինչ-որ բան նուազեցնել յանուն լուծման՝ պայմանով, որ դիմացի կողմն ալ իր նշաձողէն ինչ-որ բան իջեցնէ: Բայց փորձը ցոյց տուած է, որ այս տրամաբանութիւնը այլեւս անընդունելի է Ատրպէյճանի համար»,- նշած է Փաշինեանը:

Վարչապետը ընդգծած է, որ այս իրավիճակին մէջ պէտք է մինչեւ վերջ, անմնացորդ, անսասան պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար:

«Անկախ անկէ, թէ ինչ տեղի կ'ունենայ, պէտք է պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար: Այսօր պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար, կը նշանակէ առաջին հերթին զէնք վերցնել եւ նուիրուիլ հայրենքի իրաւունքի պաշտպանութեան գործին: Այս գործընթացը արդիւնաւէտ կազմակերպելու ու շարունակական կազմակերպելու պարագային է, որ մենք կը կարողանանք հասնիլ մեզի համար ընդունելի դիւանագիտական լուծման: Ատրպէյճանը կ'ըսէ, որ որեւէ այլ բանի, բացի Ղարաբաղի յանձնման, համաձայն չէ: Հետեւաբար, պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքը, կը նշանակէ պաշտպանել հայ ժողովուրդի իրաւունքը: Առանց Արցախի չկայ Հայաստան»,- ըսած է վարչապետը: